«ՆՈՒԻՐԷ ԿԵԱՆՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԾՐԱԳԻՐ

Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­րե­գոր­ծա­կան յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագրո­ւած էր «Իմ ա­րե­ւը դար­ձիր»։ Այս ձեռ­նար­կին հա­սոյ­թը պի­տի յատ­կա­ցուի «Նուի­րէ կեանք» հիմ­նադ­րա­մին։ Ե­րաժշ­տա­կան թա­տե­րա­կա­նա­ցուած ներ­կա­յա­ցում մը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ այս առ­թիւ եւ սոյն ի­րա­դար­ձու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին յի­շեալ հիմ­նադ­րա­մի նպաս­տըն­կալ փոք­րիկ­նե­րը։

Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ կազ­մա­կերպո­ւած էր այս ձեռ­նար­կը։ Բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ա­նի Ռա­փեան յայտ­նեց, թէ ի­րենք կ՚աշ­խա­տին հնա­րա­ւո­րինս յա­ճա­խա­կիօ­րէն գոր­ծակ­ցիլ այն կա­ռոյց­նե­րուն հետ, ո­րոնք կը զբա­ղին ե­րա­խա­նե­րու բուժ­մամբ։

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016