ԼՈՒՐՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղան ե­րէկ ա­ռա­ւօտ նա­խա­ճա­շի սե­ղան մը սար­քեց՝ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Վար­չա­պե­տա­րա­նի Տոլ­մա­պահ­չէի գրա­սե­նեա­կի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ։ Աք­տո­ղա­նի կող­քին էին իր խորհր­դա­կան­նե­րը՝ Ճէմ Արս­լան­պայ եւ Տքթ. Շա­պան Քը­զըլ­տաղ։

Ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու աշ­խար­հա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ  փոխ-վար­չա­պե­տը քննար­կեց բազ­մա­բոյթ խնդիր­ներ եւ ար­ծար­ծեց ա­նոնց լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Սա լուրջ ու ծա­ւա­լուն ար­ժե­ւո­րու­մի մը հնա­րա­ւո­րու­թիւնն էր՝ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի կող­մի կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մէն ներս վա­քըֆ­նե­րու գծով ստանձ­նուած պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն վերջ։ Որ­պէս Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղան վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ստանձ­նած է այս ո­լոր­տին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։

Բա­ցի Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նէն՝ ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման մեր հա­մայն­քին կող­մէ ներ­կայ գտնուե­ցան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­չու­թեան գլխա­ւո­րը՝ Վե­րա­պա­տուե­լի Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լու։ Յոյն եւ հրեայ հա­մայք­նե­րէն եւ միւս յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րէն աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­ներ ալ մաս­նակ­ցե­ցան այս տե­սակ­ցու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան փոք­րա­մաս­նու­թեանց կեան­քին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան հար­ցեր։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն ընդգ­ծուե­ցաւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հար­ցը։ Մինչ նա­խա­ճա­շին մաս­նա­կից թրքա­հայ գոր­ծիչ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցան այս հան­դի­պու­մէն, ներ­կա­յիս այս հի­ման վրայ կ՚ակ­նկա­լուին շօ­շա­փե­լի զար­գա­ցում­ներ։ 

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016