ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ. ՀՆԱՐԱՒՈ՞Ր Է ԱՅԴ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Սէր­կէյ Ռիապ­քո­վի օ­րեր ա­ռաջ ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան ռում­բի տպա­ւո­րու­թիւն կը ձգէր տագ­նա­պին հե­տե­ւող բո­լոր կող­մե­րուն հա­մար: Մինչ շա­տեր կ­­՚ա­ռար­կէին, որ Մոս­կուա բո­լոր հանգ­րուան­նե­րը կ­­՚այ­րէ ու քայլ մը ա­ռաջ եր­թա­լով նոր ծրա­գիր կը դնէ սե­ղա­նին, ան­դին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի Գոնկ­րէ­սին առ­ջեւ իր ու­նե­ցած ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին կը յայ­տա­րա­րէր, թէ «ցա­ւօք միաս­նա­կան Սու­րիա մը պա­հե­լու խնդի­րը ի­րա­տե­սա­կան չէ այ­լեւ­ս»: Քե­րի եւ ա­մե­րի­կեան վար­չա­կար­գը ան­հանգս­տու­թեամբ չէին խօ­սեր հա­ւա­նա­կան բա­ժա­նու­մի մը մա­սին: Ընդ­հա­կա­ռա­կն, ա­նոնք կողմ են, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պը հան­գու­ցա­լուծ­ման փուլ մը մտնէ: Ռու­սա­կան կող­մին հա­մար Ռիապ­քո­վի մէջ­տեղ նե­տած «ռում­բէ­ն» ետք կա­րե­ւո­րա­գոյն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը լսուէր Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա­յի բեր­նով: Զա­խա­րո­վա Սու­րիոյ մէջ գոր­ծադ­րու­թեան դրուած հրա­դա­դա­րին ան­ժամ­կէտ ըլ­լա­լուն մա­սին խօ­սե­լէ զատ մտա­հո­գու­թիւն կը յայտ­նէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Սու­րիոյ հա­մար «պատ­րաս­տուա­ծ Plan B»ի մը մա­սին, ու յոյս կը յայտ­նէր, որ այդ մա­սին վեր­ջին օ­րե­րուն լսուած բա­նա­ձե­ւում­նե­րը չեն անց­նիր խօս­քի սահ­ման­նե­րը: Ի­րօք ո՛ր «Plan B»ի մը մա­սին է խօս­քը, իշ­խա­նու­թեան մը հա­մար, որ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին պա­հուն նոյն Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կար­գը չկա­մե­ցաւ զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րել Սու­րիոյ մէջ: Երբ ամ­բողջ աշ­խար­հը նստած կը սպա­սէր, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն մը կա­տա­րէ, Օ­պա­մա ետ­դարձ մը ը­րաւ, ու մեր­կա­ցուց իր կա­ռա­վա­րած վար­չա­կար­գին ի­րա­կան ե­րե­սը: Աշ­խար­հի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան կշիռք հան­դի­սա­ցող Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն հա­մար ըն­դու­նե­լի չէր, որ Սու­րիոյ մէջ ո­րե­ւէ կողմ պար­տուի: Ըն­դու­նե­լի չէր նոյ­նիսկ, որ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ բռնի ու­ժով հե­ռա­ցուի իշ­խա­նու­թե­նէն: Բնա­կա­նա­բար ա­մե­րի­կա­ցի ղե­կա­վար­նե­րուն խօս­քե­րուն եւ ա­նոնց գոր­ծին մի­ջեւ իս­կա­կան վիհ մը կայ: «Ռէէլ փո­լի­թի­ք­»ի թե­լադ­րանք­նե­րով «խա­ղա­ցո­ղ» գեր­տէ­րու­թիւ­նը ու­նի իր սե­փա­կան ժա­մա­ցոյ­ցը, ո­րուն հիմ­քով կրնայ շար­ժել տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­ներ տա­նող կա­ռա­վար­ման վա­հա­նակ­նե­րը: Այս բո­լո­րին վրայ հիմ­նուե­լով է, որ ան­հասկ­նա­լի կը դառ­նան ռու­սա­կան կող­մին ու­նե­ցած մտա­վա­խու­թիւն­նե­րը: Աս­կէ զատ վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մա­ցան­ցա­յին մէ­կէ ա­ւե­լի կայ­քէ­ջեր հրա­պա­րա­կե­ցին Սու­րիոյ հա­մար «պատ­րաս­տուա­ծ» նոր քար­տէս մը, ուր ե­րե­ւե­լի կը դառ­նան Սու­րիոյ մէջ գո­յա­նա­լիք հիմ­նա­կան բա­ժին­նե­րը: Ռու­սա­կան կող­մը այդ բա­ժա­նու­մին «Դաշ­նա­յի­ն» յոր­ջոր­ջու­մը կու տայ: Բնա­կան է, որ այդ քար­տէս­­ին մէջ տեղ պի­տի ու­նե­նան սիւն­նի­նե­րը, քիւր­տե­րը, տիւր­զի­նե­րը եւ ա­լե­ւի­նե­րը: Ու բնա­կան է նաեւ, որ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին ոչ մէկ յղում պի­տի ըլ­լայ: Էթ­նիք զտում­նե­րու ա­ռու­մով ալ, ե­թէ այ­սօր լաւ ու­սում­նա­սի­րենք սու­րիա­կան քար­տէսը, պարզ պի­տի դառ­նայ, որ առ­նուազն քիւր­տե­րուն եւ ա­լե­ւի­նե­րուն հա­մար ա­ռան­ձին «պե­տու­թիւ­ն» ու­նե­նա­լու գե­տի­նը ար­դէն իսկ պատ­րաստ է: Օ­րի­նակ՝ Լա­թա­քիոյ եւ ա­նոր շրջա­կայ­քը ե­ղող հա­տուած­նե­րուն մէջ գե­րիշ­խող է ա­լե­ւի տար­րը, ու նոր չէ այս մէ­կը: Իսկ երկ­րի հիւ­սի­սը՝ Թուր­քիոյ հետ ե­ղած սահ­մա­նա­յին հա­տուա­ծը պի­տի վե­րա­պա­հուի երկ­րի քրդա­կան տար­րին: Բնա­կան է, որ այս քար­տէսը կրնայ տար­բեր մեր­ժում­նե­րու, ընդ­դի­մու­թեան եւ փո­փո­խու­թեանց են­թար­կուի: Կա­րե­ւոր չէ այդ: Կա­րե­ւո­րը այն է, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով եւ այս ան­գամ ռու­սա­կան կող­մին ա­ռա­ջար­կով ու ա­մե­րի­կեան կող­մին «օրհ­նու­թեամ­բ» նման քար­տէս մը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուի: Սու­րիոյ տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար տա­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի ու­նե­նան «յաղ­թա­նա­կը ոչ ո­քի» ար­դիւնք մը: Ու այդ ար­դիւն­քը հա­ճոյ է գեր­տէ­րու­թեանց հա­մար:

Խօ­սե­լով գետ­նի վրայ ե­ղող զար­գա­ցում­նե­րու մա­սին՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ տա­րուան ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մէն ետք շա­բաթ մը ա­ռաջ կնքուած հրա­դա­դա­րը ար­դիւ­նա­ւէտ է, այն ի­մաս­տով, որ հա­կա­ռակ մերթ ընդ մերթ գրան­ցուած խախ­տում­նե­րուն, կող­մե­րը կը շա­րու­նա­կեն պահ­պա­նել հրա­դա­դա­րի կա­յու­նու­թիւ­նը: Ու այս ընդ­հա­նուր դրու­թեան մէջ կա­րե­լի է ը­սել, որ կող­մե­րուն վրայ ե­ղած ծանր ճնշում­նե­րուն շնոր­հիւ է միայն, որ կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ հրա­դա­դա­րը պահ­պա­նել: Պէտք չէ մոռ­նալ, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) խմբա­ւոր­ման դէմ Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ ե­ղած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մեծ թա­փով կը շա­րու­նա­կուին: Մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի ցա­մա­քա­յին Աս­րիա-Խա­նա­սէր շրջա­նին մէջ. օ­րի­նակ՝ սու­րիա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղե­ցաւ կոտ­րել Ի­ՇԻՊ-ին կող­մէ ե­ղած պա­շար­ման օ­ղա­կը: Անց­նող օ­րե­րուն Հա­լէպ յայտ­նուած էր պա­շար­ման տակ, ու այդ պատ­ճա­ռով քա­ղա­քէն ներս ու­տե­լի­քի եւ նաւ­թի սուր տագ­նապ մը ծայր ա­ռած էր: Այդ ծանր դրու­թեան մէջ են նաեւ Հա­լէ­պի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնց հա­մար պա­տե­րազ­մի այս հանգ­րուա­նը դար­ձած է ա­ւե­լի դժուա­րին: Բա­ցի ան­կէ, որ աշ­խա­տանք մը ու­նե­նա­լը դար­ձած է գրե­թէ անհ­նար, այն բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, ո­րոնք տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ կ­­՚աշ­խա­տին՝ կե­ան­քի ահ­ռե­լի սղա­ճին ու սու­րիա­կան թղթոս­կիին ան­կու­մին հե­տե­ւան­քով բնա­կա­նոն կեան­քը մը վա­րե­լէ շատ հե­ռու են: Այս­տեղ պէտք է շեշ­տադ­րել նաեւ բա­րե­սի­րա­կան-կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն դրա­կան դե­րը: Ա­ռանց ա­նոնց տրա­մադ­րած օգ­նու­թիւն­նե­րուն՝ Հա­լէպ մնա­ցած մեր հա­րա­զատ­նե­րուն դրու­թիւ­նը պի­տի դառ­նար ա­ւե­լի բարդ: Ճիշդ է, որ ներ­կա­յիս Հա­լէ­պի շուրջ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նա­կան բե­մագ­րու­թիւն­ներ չկան, բայց անց­նող չորս տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած պա­տե­րազ­մը ցոյց տուած է, որ Սու­րիոյ մէջ ե­ղող սթա­թիւ­քո­յով կրնայ ա­նա­սե­լի կեր­պով փո­խուիլ ու նոր ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծել հա­լէ­պա­հա­յոց հա­մար: Կա­նուխ է խօ­սիլ բա­ժան­ման ծրագ­րի մը ներ­քեւ ե­ղող Հա­լէ­պի ա­պա­գա­յին մա­սին, բայց եւ այն­պէս ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար ալ խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ է, որ տե­ղի ու­նե­նա­լիք կամ նոյ­նիսկ «պար­տադ­րուե­լի­ք» լու­ծում­նե­րու ծրա­րին մէջ, ինչ­պի­սի՛ դիր­քի մը կամ ինչ­պի­սի՛ ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ պի­տի յայտ­նուի եր­բեմ­նի հայ­կա­կան Հա­լէ­պը:

Վե­րը խօ­սե­ցանք, որ ռու­սա­կան կող­մէն ներ­կա­յա­ցուած հա­ւա­նա­կան քար­տէ­սի մը կեան­քի կո­չուի­լը կրնայ լուրջ ընդ­դի­մու­թեան ար­ժա­նի ըլ­լալ: Այդ ծրագ­րին ա­մե­նէն ա­ւե­լի կրնան ի­րենց լուրջ «վե­թօ»ն դ­նել Թուր­քիան եւ Սու­րիոյ ի­րա­ւա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը: Այս եր­կու կող­մե­րը հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այ­սօ­րուան ընդ­հա­նուր դրուած­քով դար­ձած են ո­խե­րիմ թշնա­մի­ներ, բայց եւ այն­պէս գետ­նի վրայ ներ­կա­յա­ցուած ծրագ­րին հիմ­քով ա­նոնք կրնան ու­նե­նալ նոյն թշնա­մին, որն է Սու­րիոյ քրդա­կան տար­րը: Գա­լիք հանգ­րուա­նին կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցադ­րու­մը հե­տե­ւեալն է, որ ար­դեօք իս­լա­մա­կան հիմ­քով ե­ղած նախ­կին հանգ­րուա­նի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը պի­տի կրնա՞յ եր­կու ո­խե­րիմ կող­մե­րը՝ Նա­խա­գահ Էր­տո­ղանն ու Պեշ­ար Է­սա­տը, միաց­նել էթ­նիք գոր­ծօ­նին դէմ, որ այս պա­րա­գա­յին քրդա­կան գոր­ծօնն է: Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը կրնայ շատ ժա­մա­նակ չառ­նել, տրուած ըլ­լա­լով, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պը մտած է հա­սու­նաց­ման կա­րե­ւոր փուլ մը: Հա­սու­նա­ցու­մը այս պա­րա­գա­յին պայ­ման չէ, որ հա­մա­զօր ըլ­լայ հան­գու­ցա­լուծ­ման, պարզ այն ըմբռ­նու­մով, որ Սու­րիոյ նման բարդ կա­ցու­թեան մը մէջ յայտ­նուած երկ­րի տագ­նա­պը կա­րե­լի չէ ՚կա­խար­դա­կան գա­ւա­զա­ն­»ով լու­ծել: Տա­կա­ւին քիչ ալ չեն այն մեկ­նա­բան­նե­րը, ո­րոնց տե­սա­կէ­տով Սու­րիոյ մէջ ա­ռա­ջադ­րուե­լիք ո­րե­ւէ բա­ժա­նում կրնայ ներ­քին պա­տե­րազմ­նե­րու եւ ա­րիւ­նա­քամ ու եր­կա­րա­տեւ ներ­հա­մայն­քա­յին ընդ­հա­րում­նե­րու տա­նիլ: Ա­լե­ւիին հա­մար տա­նե­լի չէ սիւն­նին, իսկ սիւն­նի հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն հա­մար կայ Սու­րիոյ նախ­կին նա­խա­գահ Հա­ֆըզ Է­սա­տէն փո­խան­ցուած ու մին­չեւ հի­մա «գոր­ծո­ղ» վէրք մը, ո­րուն պատ­ճա­ռով դժուար թէ սիւն­նին ըն­դու­նի ապ­րիլ նոր Սու­րիոյ մը մէջ, ա­ռանց իր պա­հանջ­նե­րէն ո­րոշ չա­փին տի­րա­նա­լու: Գա­լով քիւր­տե­րուն, ա­նոնք եւս բարդ վի­ճակ­նե­րու մէջ ապ­րած քա­ղա­քա­ցի­ներ են, ո­րոնց հա­մար առ­կայ եւ ի­րա­կան միակ պա­հան­ջը քրդա­կան իշ­խա­նու­թեամբ կա­ռա­վա­րուող հա­տուա­ծի մը ստեղ­ծումն է: Այս­տեղ ա­ւե­լորդ է պե­տու­թեան մա­սին խօ­սի­լը, ո­րով­հե­տեւ ռու­սա­կան կող­մը ըմբռ­նած ըլ­լա­լով Սու­րիոյ մէջ ապ­րող տար­բեր հա­մայնք­նե­րուն ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, ա­ռա­ջարկ ը­րած է ստեղ­ծել Դաշ­նա­յին պե­տու­թիւն մը եւ ոչ թէ տար­բեր պե­տու­թիւն­ներ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, յա­ռա­ջի­կայ Չո­րեք­շաբ­թի՝ Մար­տի 9-ին, Ժը­նե­ւի մէջ սկիզբ առ­նե­լիք յա­ռա­ջի­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հանգ­րուա­նը շատ կա­րե­ւոր է: Պարզ ա­նոր հա­մար, որ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով Սու­րիոյ «ըն­դու­նե­լի» ընդ­դի­մու­թիւնն ու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դէմ դի­մաց պի­տի նստին այն հանգ­րուա­նին, երբ առ­նուազն ի­րենց տի­րա­պե­տած շրջան­նե­րուն մէջ լռած են թնդա­նօթ­նե­րը:

Գա­լով ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն, պէտք է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել, որ Սու­րիոյ մէջ սկիզբ ա­ռած ռու­սա­կան օ­դա­յին գրոհ­նե­րէն մին­չեւ օրս Սու­րիոյ տար­բեր հա­տուած­նե­րուն մէջ սպան­նուած են Ի­ՇԻՊ-ի եւ «Էլ Նուս­րա» ճա­կա­տի պատ­կա­նող շուրջ հա­զար զի­նեալ­ներ: Ու ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին:

Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Սու­րիոյ մէջ յայ­տա­տա­րուած հրա­դա­դա­րը ան­կաս­կած, որ նոր էջ մը կը բա­նայ իր հին­գե­րորդ տա­րին թե­ւա­կո­խած սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին հա­մար: Հրա­դա­դա­րը ան­պայ­ման չի նշա­նա­կեր, որ պա­տե­րազ­մը հա­սաւ իր ա­ւար­տին, բայց եւ այն­պէս քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րու ընդ­հա­նուր նոր հա­յե­ցա­կարգ մը կեր­տե­լու հիմ­քեր ու­նի: Ու այդ հիմ­քե­րէն միակ ե­րե­ւե­լին ցարդ Սու­րիոյ բա­ժան­ման ծրա­գիրն է, որ յա­ռաջ կը ք­­շուի ռու­սա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան կող­մէ:

Բա­ժա­նու­մը ծանր բառ է, ու ա­ւե­լի ճիշդ է գրել սու­րիա­կան դաշ­նա­յին պե­տու­թեան մը ծրագ­րա­յին քար­տէ­սին մա­սին այն­պի­սի բան մը, ո­րուն մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւ­նը առ­կայ էր սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016