ԹԱՓՈՎ ԹՈՒԱՅՆԱՑՈՒՄ

Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի ձեռագրային ֆոնտին մէջ ի պահ դրուած նմոյշներուն 25 տոկոսը արդէն իսկ թուայնացուած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մատենադարնի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւալը. «Կը կարծուի, թէ սա քիչ տոկոս մըն է, սակայն ետեւը կայ մեծ ծաւալով աշխատանք։ Թուայնացման գործընթացը կը շարունակուի ամէն տարի։ Յայտնեմ, որ թուայնացումը անմիջական կապի մէջ է վերականգնման աշխատանքներու հետ։ Վերականգնումէ յետոյ է, որ ձեռագիրը կ՚ուղարկուի թուայնացման»։

Հայաստանի Գիտութեան պետական կոմիտէին աջակցութեամբ վերջերս Մատենադարանը ապահոված է նոր սարքաւորում մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ թուայնացնել միքրոժապաւէնները։ «Մինչեւ նոր փորձագիտութիւնները, կ՚օգտագործէինք միքրոֆիլմեր, այսինքն՝ ձեռագիրը կը լուսանկարուէր եւ յատուկ սարքի մը միջոցաւ կ՚ընթերցուէր ժապաւէնի պարունակութիւնը։ Այդ սարքը կ՚աշխատէր դանդաղ, բաց աստի վնաս կը հասցնէր տեսողութեան։ Այսօր ձեռք բերած ենք սարքաւորում մը, որ կը թուայնացնէ ամէն տեսակ միքրոժապաւէն եւ համակարգիչով կրնանք հանգիստ ընթերցել ժապաւէնի պարունակութիւնը», ըսաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։

Բաց աստի, Տէր-Ղեւոնդեան տեղեկացուց, որ յառաջիկային Մատենադարանի Գերմանիոյ գործընկերները կը պատրաստուին նուիրաբերելու սարքաւորում մը, որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ընթերցել մագաղաթի վրայ նախապէս եղած ձեռագրերը։ «Միջնադարուն մագաղաթը սուղ էր, գրուած ձեռագրին վրայէն կ՚անցնէր 100-200 տարի, յետոյ երբ նոր գիրք գրելու անհրաժեշտութիւն կը յառաջանար, եղածը կը ջնջուէր, անոր վրայ նորը կը գրուէր։ Այդ ջնջուած գրութիւնը անզէն աչքով չ՚երեւիր, սակայն փոսիկները կը մնան, ահա այս սարքը հնարաւորութիւն կու տայ անոնք նոյնպէս ընթերցելու եւ հաւանական է, որ նոր հետաքրքրական տեղեկութիւններ բացայայտուին։ Մենք Մատենադարանի մէջ ունինք քանի մը տասնեակ կրկնագրեր», ընդգծեց Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018