ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ։ Անգարա եւ Փարիզ մշտական կապի մէջ են միջազգային հրատապ իրադարձութիւններու կապակցութեամբ ու խտացեալ շփումներ կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Էրտողան-Մաքրոն երէկուան հեռախօսազրոյցն ալ մաս կազմեց այս ամբողջին։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երկու նախագահները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Սուրիոյ ճգնաժամին առընչութեամբ։ Անոնք մասնաւորապէս ուշադրութիւն կեդրոնացուցին արեւելեան Կութայէ ներս առկայ մարդասիրական ողբերգութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան Մաքրոնին տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ վերջին օրերուն դէպի Ափրիկէ ձեռնարկած իր ուղեւորութեան մասին։

Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Էրտողան եւ Մաքրոն արեւելեան Կութայի կացութիւնը քննարկած են՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 2401 որոշման լոյսին տակ։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան՝ որպէսզի հրադադարը ժամ առաջ հաստատուի լիարժէք ձեւով եւ ղեկավարներու մակարդակի վրայ դիւանագիտական շփումները խտացուին, որպէսզի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել կարելի դառնայ։

Էրտողան եւ Մաքրոն անցեալ շաբաթ եւս ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը, որմէ վերջ Էլիզէի պալատի աղբիւրները հաղորդած էին, որ Մաքրոն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 2401 որոշման անդրադառնալու ժամանակ յայտնած էր, որ այդ մէկը կը ներառնէ նաեւ Աֆրինը։ Իսկ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ որեւէ ակնարկ չէր կատարուած Աֆրինի պարագային։

Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան մատնանշեց, որ Սուրիոյ հարցի պարագային Ապրիլի սկիզբին Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած է գագաթաժողով մը՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի մասնակցութեամբ։ Բաց աստի, Էրտողան յայտնեց, որ Սոչիի համագումարի ժամանակ որոշուած է Սուրիոյ մէջ սահմանադրութեան կոմիտէի մը հաստատուիլը, ինչպէս նաեւ Ժընեւի գործընթացին վերակենդանացումը։ Նախագահը մատնանշեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է իր նպաստը բերելու այս ուղղութեամբ։

Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան, երկու ղեկավարները ընդգծեցին՝ Սուրիոյ ճգնաժամի պարագային փոխադարձ երկխօսութեան մէջ գտնուելու կարեւորութիւնը։ Էրտողան մատնանշեց, որ Աֆրինէ ներս ահաբեկչական տարրերու դէմ ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները կը հետապնդեն Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքը չէզոքացնելու նպատակը եւ ասոր առընթեր պիտի նպաստեն տարածքաշրջանի ժողովուրդի անդորրութեան։

Մաքրոնի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ շաբաթավերջին Պուրքինա Ֆասոյի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ մշակոյթի կեդրոնին դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակման։ Նախագահը ֆրանսացի պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ պախարակեց այդ ահաբեկչական յարձակումները։

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018