ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԸ

Վատիկանի մէջ պիտի բացուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։ 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի գլուխ գործոցն է «Մատեան ողբերգութեան» երկը։ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին վերջին տարիներուն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։ Հարկ է նշել, որ Նարեկացին սրբադասուած է ո՛չ միայն Հայաստանեայց Առաքելական, այլ նաեւ՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ։

Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացումը նախատեսուած է 5 Ապրիլին։ Ս. Զատկի տօնի անմիջապէս յաջորդող օրերուն տեղի պիտի ունենայ այս հանդիսաւոր բացումը, որուն պիտի մասնակցին Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը։ Վեհափառ Հայրապետի ուղեկիցներու շարքին պիտի ըլլան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018