ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ԵՐԹ

31 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընդառաջ բոլոր կուսակցութիւններու եւ թեկնածուներու քարոզչական բազմակողմանի արշաւը կը շարունակուի։ Այս ամբողջին մէջ Շիշլիի շրջանը կ՚առանձնանայ, որովհետեւ ընտրութիւններու ընդառաջ բոլորը ականատես կ՚ըլլան Մուսթաֆա Սարըկիւլի ինքնավստահ երթին։ Սարըկիւլ երեք շրջան անընդմէջ ղեկավարած էր Շիշլին եւ շրջանի բնակչութեան մեծ համակրանքին եւ գնահատանքին արժանացած։ Շրջան մը պաշտօնավարութիւնը ընդհատած ըլլալով, այժմ Մուսթաֆա Սարըկիւլ վերստին առաջադրած է իր թեկնածութիւնը՝ Շիշլիի քաղաքապետ դառնալու համար։ Ան թեկնածու եղած է ՏՍՓ-էն, սակայն ինքը իսկապէս կը համարուի վերկուսակցական թեկնածու մը եւ իր պարագային երկրորդական կը մնան կուսակցական հանգամանքները։

Կայրեթթեփէի «Փոինթ» պանդոկին մէջ Մուսթաֆա Սարըկիւլի Շիշլիի վերաբերեալ ծրագրերու ծանօթացման համար երէկ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ այս ծանօթացման հաւաքոյթին ժամանակ։ Կուսակցութեան ղեկավարութեան առընթեր այս ձեռնարկին մասնակցեցան Սարըկիւլի համակիրներ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուները, որոնց շարքին էր Սարըկիւլի վաղեմի լծակիցներէն Վազգէն Պարըն։

Մուսթաֆա Սարըկիւլ հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ խանդավառ ելոյթով մը։ Ան ապացուցանեց, որ կ՚առանձնանայ թէ՛ իր վայելած ժողովրդականութեամբ եւ թէ ծրագրերով։ Արդարեւ, Մուսթաֆա Սարըկիւլ երէկ դիտել տուաւ, որ կանանց համար հիւանդանոցներու ծառայութենէն օգտուիլը պիտի ըլլայ անվճար։ Աշակերտներու համար ան կը նախատեսէ ելեկտրոնիկ դասընթացքներ եւ կրթաթոշակներ։ Ան նոյնիսկ խոստացաւ անասուններու համար խնամքի-պահպանութեան միջավայրեր ստեղծել։

Մուսթաֆա Սարըկիւլ յայտնեց նաեւ, որ Շիշլիի մէջ պիտի ստեղծուի հսկայական գրադարան մը, որ ծառայութիւն պիտի մատուցէ շուրջօրեայ։ Այնտեղ դասական բոլոր գործերը հասանելի պիտի ըլլան թուայնացեալ փորձագիտութիւնով։   

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019