ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՇԻՐԱԿԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան որպէս նախագահ պաշտօնավարման ողջ տեւողութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Կիւմրի քաղաքը, Շիրակի մարզը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ նախագահը յայտնեց, որ իր նպատակն է՝ փոքր, մեծ ամէն տեսակ քայլով օգտակար ըլլալ եւ աջակցիլ Կիւմրիին։

 Զրոյցի տեւողութեան նախագահ Սարգսեան յատկապէս ընդգծեց, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ խօսած է, որպէսզի Կիւմրիի պատմական կեդրոնը հովանաւորուի այդ կազմակերպութեան կողմէ։ «Սա ինձ համար սկզբունքային է, որովհետեւ թոյլ չի տար, որպէսզի ոեւէ մէկը ոտնձգութիւն ընէ պատմական շինութիւններուն դէմ։ Երկրորդը՝ հնարաւորութիւն կու տայ միջազգային գանձատրումով որոշակի ծրագրեր կեանքի կոչել Կիւմրիի կեդրոնին համար», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019