ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նորընտիր պիւրոյի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատրեանի։ Դաշնակցութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Դաշնակցութեան վարիչները այդ խնդիրներուն կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետի նկատառման յանձնեցին կուսակցութեան տեսակէտները։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ յանուն ազգային միասնականութեան։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Շիրակի նորանշանակ մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019