«ԹՈՔԻՕ-2020» ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ՝ ԱՌԱՆՑ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐՈՒ

Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» հանրածանօթ օրաթերթին համաձայն, «Թոքիօ-2020»ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու՝ Քորոնաժահրին պատճառով:

Նշուեցաւ, որ կը քննարկուի այդ խաղերուն ժամկէտները փոփոխութեան ենթարկելու եւ ուղղակիօրէն պատկերասփռելու հարցը:

Մինչեւ երէկ Ճաբոնի մէջ այդ հիւանդութեան պատճառով մահացած է 12 անձ, մինչ 961 անձեր Քորոնայով վարակուած են:

Միւս կողմէ, այս խաղերը պիտի սկսին 24 յուլիսին եւ աւարտին՝ 9 օգոստոսին: Անոնց պիտի մասնակցին 206 երկիրներէ շուրջ 11 հազար մարզիկներ:

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020