ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) քառօրեայ նստաշրջանը՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ կը մասնակցի ԳՀԽ-ի այս նստաշրջանին, որ կը զուգադիպի իր անդրանիկ ուղեւորութեան՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Երէկ ԳՀԽ-ի նստաշրջանը շարունակուեցաւ օրուան ողջ տեւողութեան։ Վեհարանի երդիքին տակ, այս օրերուն բազմակողմանի քննարկումներ կը ծաւալուին ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան հարցերուն շուրջ։ Ծաւալուն օրակարգով նստաշրջանի ընթացքին մասնաւորապէս ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն վրայ։ Ինչպէս արդէն յայտարարուած է, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ու հիմնանորոգութեան գործընթացը եւ համապատասխան հանգանակութեան կոչն ալ նստաշրջանի օրակարգին վրայ է։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ամբողջութեան մէջ Ազգային-եկեղեցական ժողովին վերաբերեալ տարուած աշխատանքին կը վերագրուի առանցքային նշանակութիւն։ Արդարեւ, յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովը պիտի դառնայ պատմական իրադարձութիւն մը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ, վերջին քանի մը դարերուն, Ազգային-եկեղեցական ժողովները գումարուած են բացառապէս ամենայն հայոց կաթողիկոսներու ընտրութեան ժամանակ։ Ուրեմն, երկար դարեր վերջ առաջին անգամ Ազգային-եկեղեցական ժողով պիտի գումարուի՝ առանց կաթողիկոսական ընտրութիւն մը իրականացնելու անհրաժեշտութեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանի եւ յառաջիկայ Ազգային-եկեղեցական ժողովին կարեւոր նշանակութիւն կը վերագրուի՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ապագայ առաջնահերթութիւնները նախանշելու եւ առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ անոր ռազմավարութիւնը յստակեցնելու տեսանկիւնէն։ Ազգային-եկեղեցական ժողովի օրակարգը հետզհետէ կը ձեւաւորուի եւ ծաւալուելիք քննարկումներու ենթագետինը կը պատրաստուի ստեղծուած յանձնախումբերու աշխատանքներուն միջոցաւ։ Արդէն միջոցէ մը ի վեր շուրջ տասն ենթայանձնախումբեր աշխատանքներ կը տանին՝ յստակեցնելու համար ժողովի ընթացքին ծաւալուելիք քննարկումներուն առանցքները եւ ընդհանուր հունը։ Այդ ենթայանձնախումբերը կը գլխաւորուին եպիսկոպոսներու կամ այլ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու կողմէ։ Ընդհանուր առմամբ Ազգային-եկեղեցական ժողովի տեսնելիք աշխատանքը կը խմորուի շատ բծախնդիր ուսումնասիրութիւններով եւ լայնախարիսխ կարծիքի փոխանակումներով։

ԳՀԽ-ի ներկայ նստաշրջանը առիթ մը կը հանդիսանայ այդ վիթխարի նախապատրաստութիւններուն ծիրէն ներս ցայսօր կատարուած աշխատանքները ամփոփելու եւ յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական առանցքները ճշդելու տեսակէտէ։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանը իր աւարտին պիտի հասնի շաբաթավերջին։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020