ԱՅՍՕՐ ԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԵՆՔ ԹԷՈԴԻԿԸ

1873 թուականի մարտի 5-ին ծնած է հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկը (Թէոդորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին: Ան մեծավաստակ խմբագիրն է «Ամէնուն տարեցոյց»ին։ Կենդանի հանրագիտարանի շնչող ու կենսունակ մարմնաւորում մը եղաւ Թէոդիկ, որ 1907 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1928 թուականը իր հրատարակած «Ամէնուն տարեցոյցը» անուն տարեգիրքերու հարուստ շարքով ոչ միայն հիմնադիրը հանդիսացաւ հայ կեանքի եւ հոգեմտաւոր երկունքի տարեգրութիւնն ու ամէնամեայ արգասիքը խտացնող գրական-հրապարակագրական բնագաւառին, այլեւ նուաճեց հայոց «ամէնուն» մտքի եւ հոգիի ծարաւը յագեցնելու առաքելութեան լծուած մեծարժէք ռահվիրայի դափնեպսակը:

Հայ մտքի եւ մշակոյթի, գրականութեան եւ մամուլի երբեմնի ճառագայթող կեդրոնի՝ Պոլսոյ հարազատ ու արժանաւոր ներկայացուցչական դէմքերէն մին է Թէոդիկ: Ծնած է Սկիւտար, 5 մարտ 1873 թուականին: Յաճախած է Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ Պէրպէրեան վարժարանը եւ աւարտած է Պոլսոյ ամերիկեան Ռոպերթ քոլէճը: Վաղ հասակէն սկսած է կանոնաւորաբար աշխատակցիլ իր ժամանակի պոլսահայ թերթերուն՝ գործածելով տարբեր գրչանուններ՝ Մոդոթէ, Մտոստիկ, Թէոդիակ եւ Թ.Ա.:

Սկզբնական շրջանի իր հրապարակումները ունեցած են ուղեգրական տոմսերու, նորավէպերու եւ դիմաստուերներու ներկայացման բնոյթ: Առանձին հատորով լոյս տեսած առաջին գործերէն եղած է «Ճանչուոր դէմքեր» խորագրով դիմաստուերներու շարքը: Իր նորավէպերը («Շան խիղճը», «Շրթունք շրթունք»ի եւ այլն) 1912 թուականին ամփոփուեցան եւ հրատարակուեցան «Կաղանդ» անունով:

1905 թուականին «Պոլսոյ հայեվարը» խորագրով բանասիրական իր անտիպ աշխատասիրութիւնը արժանացաւ ատենի հեղինակաւոր «Իզմիրեան» գրական մրցանակին: Հայ գիրերու ստեղծման եւ տպագրութեան պատմութեան նուիրուած եւ 1912 թուականին լոյս տեսած է Թէոդիկի «Տիպ ու տառ» մեծարժէք ուսումնասիրութիւնը:

Բայց Թէոդիկի կոթողական նուաճումը եղաւ 1907 թուականին իր ձեռնարկած «Ամէնուն տարեցոյցը», որ ունեցաւ հրատարակութեան երկու շրջան. առաջինը տեւեց մինչեւ 1915 թուականը, իսկ հրատարակութեան երկրորդ շրջանը վերսկսաւ Առաջին աշխարհամարտի աւարտին հետ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1928 թուականի իր մահը՝ նախ Պոլսոյ, ապա՝ Փարիզի մէջ, ուր հաստատուեցաւ եւ գործեց հայ մտքի ու գրականութեան այս երախտաւորը: Ան մահացած է 1928 թուականի մայիսի 24-ին, կաթուածէ։

Զինադադարէն ետք թափ առած պոլսահայ զարթօնքի վերջին ճառագայթումին դրօշակիրը եղաւ Թէոդիկ: Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն ու հայոց պետականութեան կերտումը ոչ միայն խանդավառութեան անսպառ աղբիւր մը դարձան Թէոդիկի եւ իր սերունդի վերապրող մտաւորականութեան նորովի երկունքին համար, այլեւ ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութեան մղեցին Թէոդիկը: Յաջորդաբար գրեց եւ հրատարակեց «Յուշարձան»ը, «Զուլումը եւ մեր որբերը» եւ «Գողգոթա»ն, որ լոյս տեսաւ յետմահու, 1966 թուականին: Աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ հրատարակուող պոլսահայ մամուլին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ, «Ժողովուրդ» եւ «Վերջին Լուր» թերթերուն:

1923 թուականին Փարիզ հաստատուելէ ետք ալ Թէոդիկ նոյն թափով շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը, պահպանեց «Ամէնուն տարեցոյցը»:

Թէոդիկին մեծութիւնը կը կայանայ նախ իր ժամանակի հայ կեանքին մեծ ու փոքր իրադարձութիւններն ու խնդիրները մանրամասն հետազօտելու, տեղեկագրելու եւ գալիք սերունդներուն իբրեւ ազգային յիշողութիւն ու ժառանգութիւն կտակելու մտաւորականի արժանաւորութեան մէջ:

Թէոդիկի մեծութիւնը, ապա, եւ՝ յատկապէս, կը կայանայ հայ մտքի եւ մշակոյթի, հայ գրականութեան ու արուեստներու ժամանակակից տաղանդները, Դանիէլ Վարուժանէն մինչեւ Կոմիտաս Վարդապետ եւ Հրաչեայ Աճառեան, իր տարեգիրքին շուրջ հաւաքելու, անոնց ստեղծագործական եւ մտաւորական կենսունակութիւնը խրախուսելու արժանիքին մէջ:

«Ամէնուն տարեցոյց»ի հանրագիտակ եւ իմաստուն մտաւորականին՝ Թէոդիկի գաղափարներու աշխարհով վերանորոգուելու առիթը կ՚ընծայէ անոր ցիրուցան մտքերէն կազմուած ծաղկաքաղը.

- Հայ նշանաւոր ճարտարապետներու երեք հարիւրամեայ գերդաստանի ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Յակոբ Պալեանը (1838-1874) սովորութիւն ունէր շաբաթական աւելցնելու ռոճիկն իր այն գործաւորին, որն իր հետ խօսած ատեն յաջողէր օտար բառեր չգործածել («Ամէնուն տարեցոյց», 1921 թուական, էջ 262):

- Գաղափարները ոլորուած մագաղաթներ են. խօսակցութիւնն է, որ կը բանայ զանոնք:

- Գաղափարներ ստանալը կը նմանի ծաղիկներ քաղելուն, իսկ խորհիլը՝ ծաղկեփունջ կազմելուն:

- Ուր որ տեսնէք կարգապահութիւն՝ առանց վիշտի, խաղաղութիւն՝ առանց գերութեան եւ լիութիւն՝ առանց շռայլութեան, գիտցէք, որ հոն երջանիկ էակ մըն է, որ կը կառավարէ:

- Պետութիւն մը որքան ապականուի, այնքան օրէնքները կը շատնան:

- Զինուորներու դիակները գերագոյն պատուանշաններ են, զորս մայրեր, քոյրեր, այրիներ եւ որբեր արցունքով կը կախեն իրենց հայրենիքին կուրծքէն՝ անոր մշտնջենաւոր փառքին համար:

- Վախկոտը վտանգէն առաջ կը վախնայ, վատ մարդը՝ վտանգի ժամանակ, իսկ քաջը՝ վտանգէն յետոյ:

- Գայլերուն պատերազմը գառնուկներուն խաղաղութիւնն է:

- Դրամին ի՛նչ ըլլալը եթէ գիտնալ կ՚ուզես, աշխատէ փոխ առնել:

- Շահը բարեկամութեան գերեզմանն է:

- Երբ խնդիրը շահու վրայ է, կովերն անգամ արծիւներ կը դառնան:

- Վայելքը երջանկութեան թշուառութիւնն է, իսկ յոյսը՝ թշուառութեան երջանկութիւնը:

- Հաճոյքը յիմարներու երջանկութիւնն է, իսկ երջանկութիւնը՝ իմաստուններու հաճոյքը:

- Կ՚ուզե՞ս յաղթել մոլուցքներուդ. մի՛ կռուիր անոնց հետ, փախչի՛ր:

- Հանճարը ստեղծողն է, իսկ ռամիկը՝ ստեղծագործողը:

- Վիշտերը կտակներու նման են, ամենավերջինը կ՚ոչնչացնէ նախորդները:

- Անթերի գեղեցկութիւնը զտուած ջուր մըն է, որ… համ չունի:

- Մրջիւնի բնակարանին մէջ ջրհեղեղ է ցօղը:

- Ժամացոյցը կեանքի խարտոցն է:

- Աստուած եթէ ագռաւի ձայնին լսէր, վարդավառին ձիւն կու գար:

- Ծեր մարդոց խրատ տալը տարբերութիւն չունի սեւ հագուստի վրայ լու փնտռելէն:

- Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ, ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ:

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021