ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՊԱՏԿԵՐ

Ֆրանսայի մէջ փոթորիկի ժամանակ ծովու ալիքները «վերստեղծած» են Փոսէյտոնի պատկերը։ Այսպէս, Ֆրանսայի մէջ «Ժիւսթինա» փոթորիկի ընթացքին ծովու ալիքները վերստեղծած են հին յունական առասպելութեան մէջ ծովերու աստուած համարուող Փոսէյտոնի պատկերը, կը գրէ Daily Mail-ը։

Լուսանկարիչ Մեթիու Ռիվրին Լեսքոնիլի մէջ գտնուող իր տան մօտակայքէն, լուսանկարած է ծովերու եւ ովկիանոսներու յունական աստուած Փոսէյտոնի դէմքը՝ թագը գլխուն։

Լուսանկարիչի խօսքով՝ ալիքներու բարձրութիւնը, որոնք յառաջացած են Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմտեան ափերուն մոլեգնող «Ժիւսթինա» փոթորիկի հետեւանքով, հասած է աւելի քան 10 մեթրի:

«Երբ կը լուսանկարէի, տեսայ Փոսէյտոնի ալիքներէն վեր ելլող անհաւանական պատկերը», ըսած է լուսանկարիչը՝ նշելով, որ իր աշխատանքներով կը փափաքի ցոյց տալ ծովու ալիքներու ստեղծած «գեղեցկութիւնն ու շքեղութիւնը»։

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021