ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՍՈՒՂ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ

1960-ականներու եւ 70-ականներու դասական «Ferrari»ի համար զարմանալի չէ աճուրդներու մէջ նոր համաշխարհային մրցանիշներ սահմանել: Այնուամենայնիւ, նոյնը կարելի չէ ըսել մանկական ինքնաշարժներու համար, որոնք շինուած են «Ferrari»ի խորհրդանշական ձեւերու տեսքով: Բայց ֆրանսացի մարզիչ-շինարար Տէ Լա Շափելի կողմէ կառուցուած «Ferrari 330 P2 Junior»ը սահմանած է մանկական ինքնաշարժի նոր համաշխարհային մրցանիշ՝ վաճառուելով 110 հազար եւրոյով (մօտաւորապէս 133 հազար տոլար):

Փարիզի «RM-Sotheby՚s» աճուրդատան մէջ կիսամեակային տեսակը յայտնուած է «մուրճի տակ» եւ գերազանցած է գոյութիւն ունեցող 126.500 տոլար մրցանիշը, որ սահմանուած էր 1958-ի «Ferrari 250 Testa Rossa» կրկնօրինակի կողմէ՝ 2013 թուականին:

Վերջնական գինը զարմացուցած է բոլորը, որովհետեւ ոչ ոք կը սպասէր նման գին մը։ Մրցանիշային գին, երբ նախնական գինը 6 հազարէն 12 հազար տոլարի միջեւ էր:

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021