ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՁԵՌԱԳՐԵՐՈՒ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ, այս օրերուն բացուած է հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ Այսպէս, Արցախի պատերազմի ընթացքին Գանձասարէն տարուած ձեռագիր մատեանները կը ներկայացուին մշակութասէր հասարակութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնէն տարհանուած ու Երեւան տեղափոխուած աւելի քան 50 ձեռագիր գիրքերու նմոյշներ եւ արխիւային փաստաթուղթեր են անոնք։ Ներկայացուած նմոյշները ստեղծուած են Արցախի զանազան գրչութեան կեդրոններու՝ Ամարասի, Գանձասարի, Եղիշէ Առաքեալի վանքի, Գտչավանքի, Մեծարանաց Սուրբ Յակոբայ վանքի, Խադավանքի, Դադիվանքի, Երից Մանկանց վանքի մէջ։ Ներկայացուած են նաեւ տարբեր գիրքերու նմոյշներ Շուշիէն։

«Արցախի ձեռագրական արուեստը» կոչուած ցուցահանդէսին ընդգրկուած ամենահին նմոյշը կը պատկանի 13-րդ դարու՝ Հասան Ճալալեաններուն պատկանած ձեռագիր աւետարանն է այս մէկը, նոյնպէս Գանձասարէն։

Ցուցահանդէսի բացման ժամանակ ելոյթներ ունեցան Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան եւ «Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի տնօրէն Արամ Թորոսեան։  

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021