ԿԱՊԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ։ Վերջին օրերուն Պաքու այցելեց Փաքիստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Նետիմ Ռազա, որ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ ներկայիս Ատրպէյճան եւ Փաքիստան կը ծրագրեն համատեղ զօրավարժութիւններ կատարել։ աքու կը պատրաստուի նաեւ նոր սպառազինութիւն ապահովել Իսլամապատէն։ Զօրավար Նետիմ Ռազայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Հանդպիման ընթացքին Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ կողմերու յարաբերութիւնները ունին երկար պատմութիւն։ Փաքիստան աշխարհի այն սակաւաթիւ երկիրներէն է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չէ հաստատած Հայաստանի հետ եւ պաշտօնապէս չէ ճանչցած զայն՝ Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման հետեւանքով։ Ալիեւի համոզմամբ, երկու երկիրներու միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը մեծ ներուժ ունի։ Ատրպէյճան ծանօթ է Փաքիստանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտադրանքին։ Պաքու ստացած է այդ արտադրանքը եւ կը շարունակէ գործընթացը։ Ուստի, ժամանակն է, որ երկու երկիրները իրականացնեն համատեղ ռազմափորձեր։

Վերջին տարիներուն Պաքու եւ Իսլամապատ հետեւողականօրէն կը խորացնեն իրենց կապերը ո՛չ միայն ռազմական, այլ նաեւ՝ տնտեսական, մշակութային եւ կրօնական գետիններու վրայ։ Պաքուի Պետական համալսարանէն ներս վերջերս հաստատուեցաւ Փաքիստանի լեզուի՝ ուրտուի ուսուցման կեդրոնը։ Փաքիստանէ ներս Ատրպէյճանի կառավարութիւնը գործարկած է լրատուական կայք մը։ Մահմետական այս երկու երկիրները սերտօրէն կը համագործակցին՝ յատկապէս միջազգային կառոյցներէ ներս։ Իսլամապատ կը պաշտպանէ Պաքուի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ եւ Պաքուն փոխադարձաբար՝ Քաշմիրի խնդրի պարագային։ Մարդու իրաւանց ոտնահարման առումով Ատրպէյճան աշխարհի վատթարագոյն երկիրներու շարքին կը դասուի։ Անցեալ տարի, յամենայնդէպս, Ատրպէյճան հրապարակաւ դատապարտած էր Հնդկաստանի կողմէ Քաշմիրի մէջ մարդու իրաւանց խախտումները։

Արցախի վերջին լայնածաւալ պատերազմին ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած էին նաեւ Փաքիստանի բանակէն յատուկ ջոկատայիններ։ Երեւան պաշտօնապէս հաստատած էր այդ լուրերը։ Պատերազմէն վերջ Պաքուի մէջ կազմակերպուած ռազմական շքերթին ալ մասնակցութիւն բերած էին Փաքիստանի զինուորականները։

Մինչ այդ, Պաքուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը պատրաստուին նոր ռազմափորձեր իրականացնել։ Սպարթայի մէջ կազմակերպուած զօրավարժութիւններուն մասնակցելիք ատրպէյճանցի զինուորականները արդէն հասած են Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ ռազմափորձերը տեւեն վեց շաբաթ։ Անցեալ ամսուան սկիզբին ալ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան համատեղ ռազմափորձեր կատարած էին Կարսի մէջ՝ Հայաստանի սահմանին վրայ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով վերջերս նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Թէեւ այդ նամակը փետրուարի 22-ին ուղարկուած է, սակայն համապատասխան պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուած է տակաւին երէկ։ Ատրպէյճան այս դիմումով Հայաստանէն կը պահանջէ ականապատուած տարածքներու քարտէսները։ Արդարեւ, Պաքուի պնդումներով, Երեւան կը հրաժարի ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ականապատուած տարածքներու մասին, ինչ որ կը հակասէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներուն։ Ատրպէյճանի տեղեկութիւններով՝ պատերազմէն վերջ Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս ականի պայթումի հետեւանքով 15 հոգի զոհուած է, նաեւ 8 խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած։

Երեւանի աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդած էին, որ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին միջեւ։  

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021