ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Երէկ Թուրքիա մեծ ցնցում մը ապրեցաւ՝ ողբերգութեան համազօր արկածի մը հետեւանքով։ Այսպէս, Պինկէօլէն դէպի Թաթվան թռիչք առած զինուորական ուղղաթիռ մը անկում ունեցաւ Պիթլիսի մէջ։ Մշուշի եւ ձիւնամրրիկի հետեւանքով տեղի ունեցաւ այս արկածը, ժամը՝ 14.25-ին։ Դէպքին հետեւանքով 11 զինուորական նահատակուեցաւ, կայ նաեւ երկու վիրաւոր։ Ցամաքային զօրքերու «Քուկար» տիպի ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէր նաեւ 8-րդ ենթաբանակի հրամանատար զօրավար Օսման Էրպաշ։

Վերոյիշեալ ժամուն ուղղաթիռէն հասած էր հաղորդակցութեան վերջին ալիքը։ Երբ կապը յանկարծ խզուեցաւ, այդ կէտէն սկսեալ անմիջապէս որոնման աշխատանքներու ձեռնարկուեցան։ Դժբախտաբար, Թաթվանէ 10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ Չեքմեճէ գիւղի մերձակայքի լեռնային տարածքէն ներս ստուգուեցաւ անկեալ ուղղաթիռին վայրը։ Առաջին առթիւ 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Չեքմեճէ գիւղի բնակիչները փորձեցին օգնութեան հասնիլ, մինչ զինուորներն ալ շուտով փութացին դէպքի վայր։ Առաջին պահուն փրկարարները 9 նահատակ ստուգեցին։ 4 վիրաւոր անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց։ Դժբախտաբար, հիւանդանոցի մէջ եւս 2 վիրաւոր մահացաւ եւ այսպէսով նահատակներուն թիւը հասաւ 11-ի։ 

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ հաստատեց, որ արկածը պատահած է աննպաստ եղանակի հետեւանքով։ Մամուլը կը նշէ, որ Թուրք զինեալ ուժերը 1996 թուականէն ի վեր կ՚օգտագործեն «Քուկար» ուղղաթիռները, որոնք ցարդ քանի մը անգամ անկում ունեցած են։ Այդ արկածներուն հետեւանքով ցայսօր 37 զինուոր նահատակուած է։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկուան ցաւալի դէպքէն վերջ կապ հաստատեց նահատակեալ զօրավար Օսման Էրպաշի որդւոյն՝ Եիղիթ Էրպաշի հետ։

Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր եւ կուսակցութիւններու ղեկավարներն ալ ցաւակցականներ հրապարակեցին այս առթիւ։  

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021