ՊԱՇՏՕՆԻ ԵՒ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՃՈՅՔԸ

Երբ մարդ կը մտնէ քաղաքականութեան մէջ եւ առաւել եւս՝ երբ ան մաս կը կազմէ իշխանական խմբակի, պէտք է գիտակցի, որ իրմէ պիտի պահանջուի տեմակոժիի եւ ցինիզմի որոշ մակարդակ մը։ Սա համաշխարհային օրինաչափութիւն է եւ այստեղ Հայաստանը չի կրնար բացառութիւն ըլլալ։ «Խմբային ոգին» կը պահանջէ, որ դուն կա՛մ չնկատես թերութիւններն ու արատները, կա՛մ նկատես ու ըսես, որ անոնց մէջ մեղաւորը ո՛չ թէ դուն ես, այլ՝ քու նախորդներն են եւ կա՛մ, եթէ լեզուդ առաւել ճկուն է, թերութիւնը ներկայացնես՝ որպէս առաւելութիւն։

Հայաստանի նման ամբողջատիրական երկրի մը մէջ դուն պարտաւոր ես նաեւ փառաբանել քու ղեկավարի իմաստութիւնն ու խորաթափանցութիւնը։ Անխիղճ եւ անամօթ ըլլալը, այսպէսով, կարելի է ըսել, քաղաքական գործիչի անբաժանելի յատկութիւնն է։ Յետպատերազմեան Հայաստանի մէջ այդ յատկութիւնը ձեռք բերած է աննախադէպ եւ ծայրայեղ բնոյթ մը։

«Իմ քայլականները» եւ անոնց շէֆը, չեն կախեր իրենց գլուխները, մարդոցմէ իրենց աչքերը չեն փախցներ, կը շարունակեն «թուխով» (համարձակ) խօսիլ թէ՛ պատերազմի եւ թէ այլ զանազան նիւթերու շուրջ՝ նոյնիսկ այն պարագային, երբ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ գրեթէ ամէն օր հրապարակել քանի մը տասնեակ զոհերու անունները։

Սովորական մարդը, եթէ նոյնիսկ պատահաբար մարդու մը մահուան պատճառ կը դառնայ (ըսենք, արկածի պատճառով), յետոյ ամբողջ կեանքը ընկճախտի (սթրես) մէջ կ՚անցընէ, խիղճը կը տանջէ, մահացածը կու գայ երազներուն ու կը յիշեցնէ ողբերգական պատահարը։ Բայց քաղաքական գործիչի պարագային սա այդպէս չէ։ Պաշտօն կամ լիազօրութիւն ունենալու հաճոյքները կը գերակշռեն սովորական մարդկային զգացումները։

*

Փաշինեանի՝ որպէս պետութեան ղեկավար, գործունէութիւնը մշտապէս ուղղուած է գայթակղութեան, հակադրութեան, պառակտման եւ ես չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէ՞ս հնարաւոր է սա յաղթահարել։ Եթէ վարչապետը եւ իր խումբը չեն գիտակցիր, թէ ինչ աղէտի հասցուցած են ազգն ու պետութիւնը, եթէ անոնք կը կարողանան գիշերները հանգիստ քնանալ եւ իրենց երազներուն մէջ չեն տեսներ հազարաւոր մարդոց արիւնը, ապա, ի՛նչ ըսեմ՝ թող վայելեն չեղած պետութեան մէջ իրենց պաշտօններն ու լիազօրութիւնները։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 18 փետրուար 2021 եւ 9 փետրուար 2021 թուակիր համարներու խմբագրականներուն համադրութիւնը 

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021