ՊԷՅՐՈՒԹ. ԿԱՄ ՑՈՅՑԵՐ ՅԱՆՈՒՆ ՍԵՒ ՀԱՑԻ

Հարիւրներով պէյրութցիք դարձեալ փողոց իջած են։ Պատճառը՝ ոչ միայն ամերիկեան տոլարի 10 հազարի շեմը հատելն է, այլ այդ պատկերի ստեղծումէն ետք սպասելի հետեւանքներուն հարցը։

Երկիրը կանգնած է համատարած փլուզման եզրագծին եւ, անշուշտ, այդ փլուզման առաջին «ծիծեռնակներ»ը տեսանելի պիտի դառնան ամէնօրեայ անհրաժեշտ ապրանքներու «անհասկնալի» թանկացումով։

Պենզին, քարիւղ, վառելանիւթ, աւուր հաց, ելեկտրական հոսանք (պետական եւ «լեւի») եւ այլ կենսական ապրանքներ մեծապէս պիտի թանկանան ու պարագաներու բերմամբ ալ շուկայէն պիտի «անհետանան»։

Այս բոլորի լոյսին ներքոյ, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէր բողոքի ցոյցերուն մասնակից քաղաքացիի մը մտահոգութիւնը՝ կապուած երկրի «ճարպիկ» վաճառարականներուն, որոնք կը գործեն «այսօրուայ սպիտակ լումադ, վաղուայ սեւ օրուան համար պահէ» սկզբունքով։

Խօսքն ի հարկէ տնտեսական կենսական եւ «թանկ» ապրանքները պահեստարաններու մէջ «պահելու» մասին է, որ գուցէ նոր «հնարք» մը չէ այդ գործի վարպետներուն համար։

Այդ քայլերը անշուշտ աւելիով կը բարդացնեն վիճակը պարզ քաղաքացիին, որ իր ամէնօրեայ եւ ամենապարզ կարիքները ապահովելու խնդիր ունի արդէն։

Բաց աստի, «պահուած» ապրանքները աւելի թանկ պիտի վաճառուին, պիտի ստեղծուի վիճակ մը, որ օրինական պիտի դարձնէ «սեւ շուկայ» հասկացութիւնը։

Եւ այսպէս ընթացք պիտի տրուի «պենզինի սեւ շուկային», «քարիւղի սեւ շուկային», «ներածուած ապրանքներու սեւ շուկային» եւ շատ մը այլ «սեւ շուկաներու», որոնք աւելիով պիտի մթագնեն առկայ ընդհանուր տեսարանը։

Այստեղ սարսափ ստեղծելու համար չենք գրեր, այլ պարզապէս հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ «սեւ շուկաները» իրենց ամբողջական պարունակին եւ «իմաստին» մէջ կը ստեղծուին՝ միայն ու միայն նախապատերազմեան ժամանակներու ատեն ու այսօր ստեղծուած լարուածութիւնները Լիբանանը կրնան «հանգիստ» կերպով առաջնորդել դէպի նոր տեսակի ներքին բախումներ։

Այս հաստատումները անշուշտ մեր դիմաց պարզ գոյներով կը բանան մտավախութիւններու ընդհանուր տեսարանը, նաեւ ձեւով մը «օրինական» կը դարձնեն Լիբանանի քաղաքացիներու փողոց իջնելու քայլն ու յառաջիկային ալ բողոքի ալիքներու ծաւալելու հնարաւորութիւնները։

Միւս կողմէ, այն ինչ որ կը կատարուի երկրի «քաղաքական խոհանոց»ին մէջ, աւելի քան յստակ է, որ կը կատարուի միայն ու միայն ժամանակ շահելու նպատակով։ Ժամանակ շահիլ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բարդ եւ դժուար բանակցութիւններու նախասեմին, ժամանակ շահիլ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «սպասուած» զարգացումներու լոյսին տակ եւ ի վերջոյ ժամանակ շահիլ՝ Արաբական ծոցի երկիրներու նոր տեսակէտներուն, նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ներիշխանական փակ սենեակներուն մէջ սպասուած զարգացումներու լոյսին տակ։

Բոլորը կը սպասեն. իսկ ամենատխուրը այն է, որ Լիբանանի քաղաքացին, որ փողոց իջած է պատառ մը հացի համար, կը սպասէ ու դեռ ալ պիտի սպասէ անօթի փորով։

Մինչ քաղաքական պայքարի շեշտադրումները Լիբանանը կրնան տանիլ «անհեթեթ» վիճակի մը, անդին երկրի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները իրենց հին-նոր նկրտումները կը վիճին ու դեռ ալ պիտի վիճին Պէյրութը «պաշարած» հրեշտակներու սեռին մասին։

Պէյրութը հակամէտ է «այրելո՞ւ»։ Պատասխանը այո է, որովհետեւ առաջին անգամը չէ, որ Արեւելք-Արեւմուտք խաղին մէջ ինկած այդ քաղաքը կը շարունակէ մնալ մեծ առանցք՝ շրջանային-միջազգային խաղերու եւ խարդաւանքներու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021