ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՔԼԵՎԸՐԼԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերու գծով նորանշանակ պետական նախարար Ճէյմս Քլեվըրլիի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Լոնտոնի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է զրոյցը, որու ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորեց Ճէյմս Քլեվըրլին՝ նորանշանակ պաշտօնին բերումով եւ յաջողութիւն մաղթեց այդ պատասխանատու առաքելութեան համար։ Խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Անգլիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին։ Զրուցակիցները մատնանշեցին, որ անցեալ ժամանակաշրջանին մեծ աշխատանք կատարուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու կայացման ուղղութեամբ։ Կողմերը ընդգծեցին ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ պատրաստակամութիւնը։ Ընդգծուեցաւ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործընթացի նշանակութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ նաեւ Անգլիոյ կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։
Միրզոյեան եւ Քլեվըրլի կանգ առին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերուն վրայ։ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց այն իրավիճակը, որ ստեղծուած է 44-օրեայ պատերազմի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս կատարուած ներթափանցումներուն հետեւանքով։ Հրատապ լուծման կարօտ մարդասիրական խնդիրներուն անդրադառնալով՝ Միրզոյեան շեշտեց, որ Պաքու կը շարունակէ պատանդ պահել 38 հայ ռազմագերի եւ քաղաքացիական անձ։ Բաց աստի, հարիւրաւոր կորսուածներու՝ ներառեալ տասնեակ բռնի անհետացածներու ճակատագիրը կը մնայ չբացայայտուած։
Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան նաեւ միջազգային օրակարգին վերաբերեալ այլ հարցեր։