ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄ

Երէկ, Երեւանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասը, որ բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Նիքոս Տենտիասի հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան շատ կարեւոր նկատեց բոլոր մարտահրաւէրներու կառավարումը։ Իսկ Արարատ Միրզոյեան «Բարեկամութեան շքանշան» պարգեւեց Նիքոս Տենտիասին, որ մօտաւոր անցեալին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարն էր եւ այդ կարգավիճակով ալ այցելած էր Երեւան։

Տենտիասի Երեւան այցելութեան զուգահեռ օրակարգի վրայ եկան նոր խմորումներու հեռանկարներ։ Այսպէս, հիւր նախարարը յայտարարեց, որ հաւանական կը նկատուի Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմանի համագործակցութիւն մը պաշտպանութեան ոլորտէն ներս։ Ան Երեւանի մէջ ընդգծեց, որ Աթէնք բացարձակապէս կը մերժէ Հարաւային Կովկասէ ներս որեւէ միակողմանի ռազմավարական գործողութիւն։

Իր կարգին, Սուրէն Պապիկեանն ալ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կարեւորեց Յունաստանի դերակատարութիւնը Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած պաշտպանական բարեփոխումներու ուղղութեամբ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան-Յունաստան սերտ համագործակցութիւնը արժեւորեց Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներէն ներս։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԹԵՀՐԱՆ

Միւս կողմէ, Թեհրան հերթական անգամ դէմ արտայայտուեցաւ տարածաշրջանէն ներս միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութեան։ Այսպէս, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանանի վերահաստատեց իր երկրին դիրքորոշումը, ըստ որու անընդունելի է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն, որ կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանի միջազգային սահմաններու փոփոխութեան։ Բանբերը այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր «Զանգեզուրի միջանցք»ին։ «Այս հարցին վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը բազմիցս յայտարարուած է։ Այդ դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն չէ եղած ու չ՚ըլլար», ըսաւ ան։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024