ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ ԿՈԼԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ
Սպանիոյ «Էլ Քլասիքօ»ն հարուստ էր ֆութպոլը յատկանշող բոլոր դրուագներով. անհատական հնարքներ, խմբային խաղեր, կոլային առիթներ, վարպետօրէն նշանակուած կոլեր, կոշտ խաղարկութիւն, հրմշտկոց, իրաւարարի վիճելի որոշումներ, դեղին քարտեր, նոյնիսկ կարմիր քարտ (Ռէալի խմբապետ Ռամոս): Գերմանիոյ մէջ հայազգի Հենրիխ Մխիթարեան, այս տարեշրջանի իր 19-րդ կոլային փոխանցումը կատարեց, իսկ Ֆրանսայի մէջ Զլաթան Իպրահիմովիչ դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ:
Միւս կողմէ, «Էսոշիէյթըտ Փրէս» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ներկայացուց այն պարգեւավճարը, որ պիտի ստանան գերմանացի ֆութպոլիստները «Եուրօ-2016»ի ախոյենութեան տիրանալու պարագային:
Այդ հիմնադրամը կը կազմէ այն, որ էր «Եուրօ-2012»ին:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալու պարագային, գերմանացի ֆութպոլիստները պիտի ստանան 300 հազարական եւրօ:
Ինչ կը վերաբերի այլ պարգեւներուն, անոնք պիտի ըլլան հետեւեալ ձեւով.
Քառորդ աւարտական՝ 50 հազար եւրօ, կիսաւարտական՝ 100 հազար եւրօ, իսկ աւարտական՝ 150 հազար եւրօ (բնականաբար իւրաքանչիւր ֆութպոլիստի համար):
Բաց աստի, խմբակներու՝ Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Գերմանիոյ խմբակին մէջ են Ուքրայնա, Լեհաստան եւ Հիւսիսային Իրլանտա: