ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ գործուած յարձակումները, ճակատի վրայ լայնածաւալ գործողութիւնները ճգնաժամային վիճակ ստեղծած են ամբողջ հայ աշխարհէն ներս։ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնները գերմարդկային ջանքերով կը փորձեն վերահսկողութեան տակ պահել իրադրութիւնը՝ կանխելու համար ամէն ինչի ա՛լ աւելի վատթարանալը։ Խուճապէ հեռու, հեռատես ու վճռական քայլերով կ՚ընթանան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնները, որոնց հիմնական նպատակն է Պաքուն հերթական անգամ ստիպել խաղաղութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այս մթնոլորտին մէջ հանդէս եկաւ յստակ ու արմատական պատգամներով։ Միշտ գերադասելով խաղաղութեան վերականգնումը՝ Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին եւ ստանան լայն ծաւալ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»։ Նախագահ Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Այս տեսակցութեան ընթացքին ան փոխանցեց միջազգային հանրութեան ուղղեալ յստակ պատգամները։ Նախագահական ապարանքին մէջ կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին Սարգսեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ թիրախաւորել խաղաղ բնակչութիւնը։ Մարտական գործողութիւններու հետագայ սաստկացումը պատճառ կրնայ դառնալ անկանխատեսելի եւ անվերադարձ հետեւանքներու՝ ներառեալ լայնածաւալ պատերազմ մը։ Այս հաւանականութիւնը պիտի ազդէ ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի, այլ՝ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ։ Սարգսեան ընդգծեց, որ առաջին անգամ Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է ծանր հրանետներ եւ ընդգծեց, թէ Հայաստան ու Լեռնային Ղարաբաղ կողմնակից են ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ 1994-ին հաստատուած հրադադարի պահպանման։ «Հայկական կողմը երբեք չէ հրաժարած հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ տրամաբանական փոխզիջումներէ։ Բայց անոնց մասին խօսիլը իմաստ ունի միայն այն ժամանակ, երբ կը լուծուի հակամարտութեան բուն պատճառը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կ՚ազատուի կրկին գաղութակցուելու վտանգէն։ Ոչ ոք կրնայ ժողովուրդի մը պարտադրել ապրիլ կազմին մէջ այնպիսի պետութեան մը, որ չ՚արտացոլացներ իր իղձերն ու արժէքները», ըսաւ Սերժ Սարգսեան ու վստահեցուց, թէ Ատրպէյճանի բանակը այս վերջին բախումներուն ընթացքին որեւէ տարածք չէ ազատագրած։
Հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան քննադատութիւններ ալ հասցէագրեց Թուրքիոյ։ «Անոնք, որոնք կը փափաքէին Թուրքիան տեսնել միջնորդներու շարքին, այսօր կը հասկնան, որ «արիւնակցական անվտանգութեան» մօտեցում որդեգրած այդ երկիրը պէտք է ընդհանրապէս հեռու պահել ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացէն», ըսաւ Սարգսեան եւ յիշեցուց, որ Հայաստան կողմ է 1994-ի հրադադարի համաձայնագրին ու պիտի շարունակէ լիարժէքօրէն կատարել Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան համար իր պարտաւորութիւնները։