ՀԱՅ ԳԵՂԱՍԱՀՈՐԴՈՒՀԻՆ ՍԱՀՄԱՆԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄՐՑԱՆԻՇ
Ռուսաստան ծնած հայ գեղասահորդուհի Եւկենիա Մետվետեւա սահմանեց գեղասահքի կանանց ազատ ծրագրի մրցանիշ: Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած գեղասահքի աշխարհի ախոյենութեան ազատ ծրագրին մէջ 16-ամեայ Եւկենիա նուաճեց 150.10 կէտ, որ աշխարհի մրցանիշ է: Կանանց ազատ ծրագրի նախորդ մրցանիշը կը պատկանէր քորէացի Քիմ Եուն Նայի, որ 2010 թուականին Վանքուվըրի Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին արձանագրած էր 150.06 կէտ:
Պոսթընի մէջ Եւկենիա ազատ եւ կարճ ծրագրի արդիւնքով նուաճած էր 223.86 կէտ եւ հռչակուած՝ աշխարհի ախոյեան: Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին ան աշխարհի մրցանիշ հաստատած էր նաեւ կարճ ծրագրի մէջ՝ Ռուսաստանի ախոյենութեան ընթացքին:
Եւկենիա ունի հայկական արմատներ: Անոր հայրը Արման Բաբասեանն է, իսկ մայրը նախկին գեղասահորդուհի մը: