ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ վերս­տին բռնկած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը բնո­րո­շեն մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Ա­մե­նա­բարձր հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ կո­չեր կը հնչեն՝ բա­խում­նե­րու դադ­րեց­ման հա­մար։ Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ զու­գա­հե­ռա­բար յա­ռաջ կը տա­րուին նաեւ ո­րո­նում­ներ, որ­պէս­զի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դադ­րին ժամ ա­ռաջ։

Առ­կայ մտա­հո­գիչ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս շարժ­ման ան­ցած են ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան եւ Ֆրան­սա։ Սոյն ջան­քե­րուն ներգ­րա­ւուած է նաեւ Գեր­մա­նիան՝ ներ­կայ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հը ԵԱՀԿ-ի, ո­րու կող­մէ կը հո­վա­նա­ւո­րուի ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճոն Քե­րի ե­րէկ յի­շե­ցուց, թէ վեր­ջին օ­րե­րուն Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լած Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ տե­սակ­ցե­լու ըն­թաց­քին յոր­դո­րած էր հրա­դա­դա­րի պահ­պա­նու­մը։

Ո­ւա­շինկ­թը­նի ա­ռըն­թեր Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ ե­րէկ զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ առ­կայ կա­ցու­թեան շուրջ։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով նշեց, թէ Քրեմ­լի­նի մօտ ան­հանգս­տու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Ըստ ի­րեն, ռու­սա­կան կող­մը կրնայ ո­րո­շել դադ­րեց­նել զէն­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար։

Ռու­սաս­տա­նի օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջա­տար դէմ­քերն ալ ե­րէկ հան­դէս ե­կան կո­չե­րով։ Դաշ­նակ­ցա­յին խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Վա­լեն­թի­նա Մատ­վիեն­քօ հա­մո­զուած է, որ Պա­քու եւ Ե­րե­ւան պէտք է գի­տակ­ցին, թէ լա­րուա­ծու­թեան սաս­տակ­ցու­մը ան­թոյ­լատ­րե­լի է։ Իր կար­գին, պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քին յայտ­նեց, թէ խնդի­րը պէտք է լու­ծուի երկ­խօ­սու­թեան եւ փոխ­զի­ջում­նե­րու մի­ջո­ցաւ ու պէտք է վե­րա­կանգ­նուի խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րովն ալ ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց մէջ ակ­նար­կեց նաեւ Թուր­քիոյ դիր­քո­րոշ­ման։ Ըստ ի­րեն, Ան­գա­րա­յի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կողմ­նա­կալ են այս հար­ցին շուրջ։

Սէր­կէյ Լաւ­րով օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ իր ա­մե­րի­կա­ցի եւ գեր­ման պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն՝ Ճոն Քե­րիի եւ Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի հետ։ Լաւ­րով եւ Շթայն­մա­յէր ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում։ Ա­նոնք կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի հա­կա­մարտ կող­մե­րը զսպուա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն, ան­յա­պաղ դադ­րեց­նեն կրա­կը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս վե­րա­կանգ­նուի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը։

Ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Սէր­կէյ Լաւ­րով ակ­նար­կու­թիւն­ներ ը­րաւ նաեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն դուրս բե­րե­լու ուղ­ղեալ մտադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Այդ փոր­ձե­րը կը կա­տա­րուին ա­նոնց կող­մէ, ո­րոնց հա­մար ձեռն­տու չէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը։ Սէր­կէյ Լաւ­րով Ճոն Քե­րիի հետ ու­նե­ցած հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ալ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի կող­մե­րը ան­յա­պաղ դադ­րեց­նեն ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ռուս եւ ա­մե­րի­կա­ցի նա­խա­րար­նե­րը խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ լա­րուա­ծու­թեան ա­ճին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան, որ­պէս­զի ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը ջան­քե­րը աշ­խու­ժա­նան՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ռու­սա­կան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Լաւ­րով եւ Քե­րի դա­տա­պար­տե­ցին նաեւ կարգ մը «ար­տա­քին դե­րա­կա­տար­նե­րու» Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը լա­րե­լու ուղ­ղեալ փոր­ձե­րը։

ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր­նե­րէն Մարք Թո­նըրն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ Ո­ւա­շինկ­թըն պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծակ­ցիլ այս նիւ­թին շուրջ Մոս­կուա­յի եւ Փա­րի­զի հետ։ Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը հա­մո­զուած է, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րը պէտք է քա­ղա­քա­կան կամք ցու­ցա­բե­րեն հրա­դա­դա­րի եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար։ Թո­նըր ը­սաւ. «Մենք կ՚ա­ջակ­ցինք Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ըն­թա­ցող գոր­ծըն­թա­ցին, որ յա­ռաջ կը տա­րուի ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թեան, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ Հել­սին­քիի եզ­րա­փա­կիչ աք­թի սկզբունք­նե­րուն՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս ուժ չօգ­տա­գոր­ծե­լու, տա­րա­ծքա­յին ամ­բող­ջու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի սկզբունք­նե­րուն վրայ»։

Վիեն­նա­յի մէջ այ­սօր ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դը յա­տուկ ժո­ղով մը կը գու­մա­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (ԱՄՆ) եւ Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա) տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։

Բաց աս­տի, օ­րուան ըն­թաց­քին Մինս­քեան խմբա­կի մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն մաս­նա­ւոր խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։

Միւս կող­մէ, Վրաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն կո­չեր հնչեց­նել՝ հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րուն մի­ջեւ հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի այս ա­ռա­ւօտ հան­դէս ե­կաւ կո­չով մը, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջան­քեր գոր­ծադ­րեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ստեղ­ծուած լա­րուած ի­րադ­րու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ Ե­րէկ ալ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­լի­քաշ­վի­լի ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նած էր Ար­ցա­խի ի­րադ­րու­թեան մա­սին։ Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Միխէիլ Ճա­նե­լի­ծէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով յե­տաձ­գեց դէ­պի Լե­հաս­տան իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Իր կար­գին, Վրաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ Վախ­թանկ Քա­փա­նա­ծէն ալ նշեց, թէ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րուն կը յոր­դո­րեն հրա­դա­դար հաս­տա­տել եւ բռնել խա­ղաղ լուծ­ման ճա­նա­պար­հը։

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆն ալ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Ե­րե­ւան եւ Պա­քու խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ Զա­րիֆ այ­սօր Ի­րա­նի Ռամ­սար քա­ղա­քին մէջ կը հիւ­րըն­կա­լէ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016