ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րէ­կուան հեր­թա­կան նիս­տը բա­ցուե­ցաւ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն եւ յար­ձա­կում­նե­րու հե­տե­ւան­քով զո­հուած բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար պա­հուած յար­գան­քի լռու­թեամբ։ Ա­ւե­լի վերջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ բո­լոր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ ան­կախ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հա­ւա­նու­թեամբ։ Խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նո­վի կող­մէ ըն­թեր­ցուե­ցաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր դա­տա­պար­տուե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը, ո­րոնց թի­րախ կը դառ­նայ նաեւ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը։ Ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ Պա­քու ան­հե­ռա­տես եւ վտան­գա­ւոր ու­ղիի մը վրայ է։ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­կա­ծախն­դիր ա­հա­բեկ­չա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը լուրջ սպա­ռա­նա­լիք մը հա­մա­րուե­ցաւ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան հա­մար։ Կոչ ուղ­ղուե­ցաւ, որ­պէս­զի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հաս­ցէա­կան ու հա­մար­ժէք ար­ձա­գանգ տան դէպ­քե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նէն ներս նա­խա­տե­սուած է նաեւ փակ լսում մը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին շուրջ, ար­տա­քին գոր­ծոց եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Խորհր­դա­րա­նէն ներս սկսած են նաեւ աշ­խա­տանք­ներ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մի­ջեւ ռազ­մա­կան փո­խօգ­նու­թեան պայ­մա­նագ­րի պատ­րաս­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­հան­գին հի­ման վրայ։ Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն կ՚ար­տա­յայ­տուին Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման վար­կա­ծին շուրջ։

Միւս կող­մէ, Շար­մա­զա­նով եւ խորհր­դա­րա­նի բո­լոր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի Մու­րա­ցա­նի զի­նուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ դար­ման­ման տակ առ­նուած վի­րա­ւոր զի­նուոր­նե­րուն։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016