ՇԱՀԷՆ ԱԲԱՂԵԱՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԲԱԺԱԿԸ

Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ա­թէն­քի մէջ սկսաւ  ժիւ­տո­յի Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան բա­ժա­կի մրցա­շար­քը: Շա­հէն Ա­բա­ղեան (55 քկ.) յա­ջոր­դա­բար յաղ­թե­լէ ետք Չե­լիք Էմ­րէի, վրա­ցի­ներ` Կիոր­կի Նիա­զաշ­վի­լիի եւ Զու­րապ  Կախ­նիաշ­վի­լիի, ա­ւար­տա­կա­նին տա­պա­լեց ատր­պէյ­ճան­ցի  Նա­թիկ Կուր­պան­լին եւ նուա­ճեց Եւ­րո­պա­յի բա­ժա­կը:

Միւս կող­մէ, Շա­հէն Ա­բա­ղեան կը ծա­ռա­յէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բա­նա­կի կեդ­րո­նա­կան մար­զա­կան ա­կում­բին մէջ: 2015 թուա­կա­նի լա­ւա­գոյն զի­նուոր-մար­զիկ­նե­րու տաս­նեա­կին մաս կազ­մած է:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016