Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ՊԱՔՈՒԷՆ ՆՈՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Արցախի ճակատին վրայ բռնկած բախումներու մթնոլորտին մէջ Պաքուի կողմէ երէկ հնչեց մտահոգիչ սպառնալիք մը եւս։ Ատրպէյճան սպառնաց Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի վրայ յարձակելով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ նման յարձակումի մը պիտի փոխադարձեն անհամաչափ ու շատ ցաւոտ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան Ա. փոխ-նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ալ այս խնդիրը անմիջապէս յանձնեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի նկատառման։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի բանակը երէկ գիշեր կրակ բացաւ «Սմերչ» համազարկային համակարգով։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016