ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՑԱՒԱԼԻ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ վերսկսած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով ծանր հե­տե­ւանք­ներ կը յա­ռա­ջա­նան։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ սկսաւ հրա­պա­րա­կել նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, մինչ մէկ կող­մէ ալ տե­ղի կ՚ու­նե­նան յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ հպարտ է իւ­րա­քան­չիւ­րի սխրան­քով։

Որ­քան որ ալ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րը չա­փա­զանցուած թի­ւեր յայ­տա­րա­րեն, հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հայ­կա­կան կող­մը ու­նի 20 զոհ, 26 զի­նուոր ալ ներ­կա­յիս կոր­սուած է։ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կորսն­ցու­ցած է 7 հրա­սայլ։ 72 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուած է հայ­կա­կան կող­մէ, զի­նուոր կամ քա­ղա­քա­ցիա­կան անձ։

Նոյն­պէս հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի զո­հե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 300-ի սահ­մա­նը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ շուրջ 30 հրա­սայլ կորսն­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը։ Ա­նոնց վրայ կու գան ա­ւել­նալ 2 ուղ­ղա­թիռ­ներ, 6 ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քեր, հե­տե­ւակ­նե­րու ինք­նա­շարժ­ներ, զրհա­պատ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շարժ­ներ եւ այլն։

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան CNN հեռուստակայանին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան կը մերժէ կայունութիւնը։

Այսօրուընէ սկսեալ Արցախի մէջ նախատեսուած է դպրոցներէ ներս դասերու վերսկսումը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016