«ՔԱՋ ՆԱԶԱՐ»Ը ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ

Մինչ այս տարի կը նշուի Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը, ներկայ յոբելենական շրջանին իր անմահական ու դասականացած գործերէն մին թարգմանուած է թրքերէնի։ Յովհաննէս Թումանեան հայկական գրականութեան առանցքային դէմքերէն մին է եւ իր թողած ժառանգին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ մանկական գրականութիւնը։ Եւ ահա թրքերէնի թարգմանուած գործն ալ եղած է իր նշանաւոր «Քաջ Նազար»ը։

«Արտէն» հրատարակչատան կողմէ կեանքի կոչուած է այս թարգմանութեան ծրագիրը։ Թումանեանի «Քաջ Նազար»ի թրքերէնը կոչուած է՝ «Aslan Yürekli Nazar»։ Թումանեանի գործի թարգմանութիւնը կատարած են Նշան Կիւրեհ եւ Ալիս Պետիկեան։ Գծանկարներով, ալպոմի մը նմանութեամբ փոքրիկ ընթերցասէրներուն մատուցուած է գործը։ Թարգմանութեան նկարազարդումները կատարուած են Էմինէ Պորայի կողմէ։ Նախագծին իր նպաստը բերած է նաեւ «Փոքրիկ» կայքէջը։

Յովհաննէս Թումանեան «Քաջ Նազար»ը գրի առած է 1908 թուականին եւ ան լոյս տեսած է 1912-ին։ Ցայսօր բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է զանազան անուններով։

Թրքերէնի թարգմանուած գրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի ամփոփ կենսագրական գիծերը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019