ԱՄՆ ԵՒՍ 2 «Ֆ-35» ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ երէկ ի վերջոյ դրական լուրեր հաղորդուեցան։ Փենթակոնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ պատկանող «Ֆ-35» ռազմաօդանաւ մը յանձնուած է Արիզոնայի մարզման խարիսխին։ Այդ նոյն կործանիչներէն մին եւս այսօր պիտի ուղարկուի եւ այսպէսով Թուրքիոյ սեփականութիւնը դարձած «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերուն թիւը բարձրացած պիտի ըլլայ չորսի։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները քանի մը օր առաջ հաղորդած էին, որ Թուրքիոյ պարագային «Ֆ-35» ծրագիրը առկախուած էր, ինչ որ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ ստեղծած էր փոթորիկ մը։ Ամերիկեան կողմը այդ քայլին որպէս պատճառաբանութիւն ցոյց տուած էր Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» ռուսական հրթիռային համակարգերու ներածումը։ Այս խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ, սակայն Անգարա կը մնայ անդրդուելի։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերու հրատապ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ կ՚այցելէ Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի ժողովին։ Նախարարը տեղւոյն վրայ հանդիպումներ ունեցաւ ԱՄՆ-ի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Ի վերջոյ, երէկ Ուաշինկթընի աղբիւրները յարաբերաբար դրական հաղորդումներ ըրին, ինչ որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ տագնապի կասեցման տեսակէտէ։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ երէկ հաղորդեցին, որ «Ս-400» հրթիռային համակարգերու առաջին մասերը յառաջիկայ յունիսին պիտի հասնին Թուրքիա։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019