ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՅՈՐԴԱՆԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Յորդանան։ Ան Ամմանի մէջ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին՝ Մերձաւոր Արեւելքին ու Հիւսիսային Ափրիկէին նուիրուած հանդիպման, որուն հրաւիրուած է իբրեւ բանախօս։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութիւնը կը շարունակուի մինչեւ ապրիլի 7-ը։

Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի այս հանդիպումը կազմակերպուած է Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորի եւ Ռանիա թագուհիի աջակցութեամբ ու անոնց բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Հաւաքին մասնակցութիւն կը բերեն զանազան երկիրներէ պետական, գործարար, քաղաքացիական շրջանակներէ աւելի քան հազար առաջնորդներ, որոնք կը քննարկեն այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւէ տարածքաշրջանը։ Հանդիպման մասնակիցները մասնաւորապէս կ՚անդրադառնան ուժանիւթի անվտանգութեան, մաքուր ու վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու կիրառման, սիպէր անվտանգութեան եւ այլ շարք մը հարցերու։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ելոյթը նախատեսուած է «Նոր ուժանիւթ Մերձաւոր Արեւելքի համար» խորագրեալ քննարկման շրջանակներէն ներս։ Ամմանի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հիմնադիր ու գործադիր նախագահ, յայտնի տնտեսագէտ Քլաուս Շուապի հետ։ Արմէն Սարգսեան այս ֆորումի երկարամեայ մասնակիցներէն մին է եւ վաղեմի բարեկամութիւն ունի Քլաուս Շուապի հետ։

Ամմանի մէջ կեցութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ գործարար շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019