ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած անցեալ շաբաթավերջի առաջին ուղղակի բանակցութիւններու լոյսին տակ՝ միջազգային դերակատարներ կը շարունակեն հերթական անգամ իրենց վերաբերմունքը արտայայտել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ։ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին ալ երէկ անդրադարձաւ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպման։ Ան յայտարարեց, որ Վիեննայի տեսակցութեան արդիւնքները յոյս կը ներշնչեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ յառաջընթացի հասնելու ուղղութեամբ։ Մոկերինի մատնանշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը դրական էր։ Եւրոպացի յանձնակատարը յիշեցուց անցեալ յունուարին Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, միւս բարձր մակարդակի շփումները եւ սահմանի ու շփման գծի երկայնքով հրադադարի խախտումներու զգալի նուաճումը։ Ըստ իրեն, այս բոլորը յոյս կը ներշնչեն, որ գործընթացը յառաջ պիտի շարժուի։ Ֆետերիքա Մոկերինի նոյնպէս յուսադրուած է, որ երկու երկիրները պիտի կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները եւ բանակցութիւններ պիտի վարեն առանց նախապայմաններու։

Հարկ է նշել, որ Վիեննայի բանակցութիւններէն վերջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանի եւ թէ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Իսկ երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ Ան յայտնեց, որ Մոսկուա պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերել Երեւանին ու Պաքուին, որպէսզի անոնք իրականացնեն Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած պարտաւորութիւնները։ Ռուս բանբերը նշեց, որ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի եւ հակամարտ կողմերը ցոյց տուած են խաղաղ կարգաւորման հասնելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ «Մենք կ՚ողջունենք շինիչ մօտեցումը, որ գերակշիռ եղած է բանակցութիւններուն մէջ», ըսաւ Զախարովա։

Վիեննայի հանդիպումէն վերջ Իլհամ Ալիեւ առհասարակ կեդրոնացաւ բանակցութիւններու ձեւաչափի անփոփոխ մնալու հանգամանքին վրայ։ Նիկոլ Փաշինեան Վիեննա մեկնելէ առաջ ընդգծեալ ձեւով պահանջած էր Արցախի բանակցային սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը։ Ատրպէյճան վերադարձին Ալիեւ յայտնեց, որ Վիեննայի հանդիպումը կարեւոր էր՝ բանակցութիւններու ձեւաչափին առումով եւ այդ բանակցութիւնները կը վար-ւին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը փորձած է փոխել բանակցային գործընթացի ձեւաչափը, սակայն Ատրպէյճանի աներկբայ դիրքորոշումը կանխած է այդ մէկը։ Միեւնոյն ժամանակ, Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւններ չկան։ «Այդ հակամարտութիւնը պէտք է գտնէ իր լուծումը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակին մէջ։ Բանակցութիւններու նպատակն է Ատրպէյճանի տարածքներու ազատագրումը։ Մենք կ՚ապրինք պատերազմի պայմաններու մէջ։ Պատերազմը տակաւին չէ աւարտած։ Աւարտած է առաջին փուլը», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն արձագանգեց Զօհրապ Մնացականեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին եւ «Սիվիլնէթ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը նշեց, որ բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք չէ հետաքրքրութիւնը կորսնցնէ անոնց նկատմամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019