ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ստացաւ լոնտոնեան «Արսենալ»ի փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը: Երեսուն տարեկան միջնապահ Մխիթարեան ըսաւ, թէ հաճելի է ստանալ լաւագոյն ֆութպոլիստի այս մրցանակը:

Քուէարկութեան ընթացքին Մխիթարեան ստացաւ ակումբի համակիրներու ձայներուն 40 առ հարիւրը:

Այս մրցանակին համար (փետրուար ամսուան) կատարուած քուէարկութեան արդիւնքին մէջ Մխիթարեան գերազանցեց իր քանի մը խմբակիցները, որոնք աւելի նուազ կէտեր ապահովեցին:

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019