ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻԱՅԷ ՆԵՐՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սա երկու երկիրներու ղեկավարներու այս տարուան երկրորդ հանդիպումը եղաւ Մոսկուայի մէջ։

Հարկ է նշել, որ հինգ օր վերջ Իսրայէլի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ Նեթանիյահուի այցելութիւնը տեղի ունեցաւ այդ ընտրութիւններու ճիշդ նախօրեակին։

Կը հաղորդուի, որ Փութին-Նեթանիյահու զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Նեթանիյահու Փութինի նկատառման յանձնած է Սուրիայէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ եռակողմանի ծրագիր մը, որ կ՚ընդգրկէ Ռուսաստանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019