ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԱՂՕԹԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԳԵՐԻ ԻՆԿԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հանդէս եկաւ տարեկան «Քաղաքին եւ աշխարհին» ուղղեալ պատգամով։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ հակամարտութիւններու կարգաւորման, տարածքաշրջանային լարուած իրավիճակներուն, սպառազինութիւններու մրցավազքին, քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին, խոցելի խումբերուն, ընկերային պաշտպանութեան եւ երիտասարդութեան։ Սրբազան Պապը խօսեցաւ նաեւ գերեվարուածներու հարցին շուրջ։ Ան աղօթեց, որպէսզի Աստուած թոյլ տայ, որ պատերազմի գերեվարուածները՝ յատկապէս Արեւելեան Ուքրայնայի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային կարենան ապահով վերադառնալ իրենց ընտանիքներուն։

Նորին Սրբութիւնը մաղթեց նաեւ, որ Աստուած ոգեշնչէ համաշխարհային առաջնորդները՝ սանձելու նոր զէնքերու մրցավազքը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021