«ՔԵԶԻ Ի՛ՆՉ...»

Քեզի ի՛նչ...:

Երկու բառ: Կոպիտ խօսք եւ նոյնքան ալ խիստ ու կոշտ: Պոռթկում, որ վէճի ու վիճաբանութեան դուռ ալ կրնայ բանալ: Թէեւ հոգեբան մը չեմ եւ մանաւանդ շատ հեռու՝ նման տիսղոսէն: Բայց գուշակ ըլլալու կարիք չկայ, որովհետեւ եւ հաւանաբար ձեր խօսակցութիւններու ընթացքին, յաճախ դո՛ւք ալ գործածած ըլլաք:

Բայց, ուրկէ՞ ուր յանկարծ նման «բաներ» եկած եւ նստած են մտածումներուս բազմազան եւ բազմաշերտ «դարակներուն» մէջ: Պարզեմ:

Նախ փորձեմ վերակազմել դէպքը եւ ապա ըսեմ: Այսպէս, շաբաթ երեկոյ մըն էր, անիծեալ քորոնայի սպառնալիքներէն հազիւ նոր պրծած, մեր թաղի տարիներու հարեւան Եուրային անհատնում պնդումներուն ընդառաջելով, թաղեցի չորս հայ զոյգերով, հաւաքուեցանք իր տան պարտէզին մէջ, խորովածի կրակին շուրջ: Հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտը, օղիէն առաջ արդէն մեզ պարուրած էր: Ու քիչ մը հայրենիքէն, քիչ մըն ալ սարէն-ձորէն խօսելով, ոգելից քանի մը շիշեր, արդէն «պարպած» էինք:

Ապա յանկարծ, տեղի ունեցաւ անակնկալը: Եուրային 16-տարու աղջիկը՝ Լիանան, «վերջին աստիճան» շպարուած, կեանքի նոր ձեւ մը կարծես, նոյնիսկ՝ «մոտա», յանկարծ դուրս գալով իր սենեակէն եւ մեզի «պայ» մը ըսելով, դէպի փողոցի դուռը յառաջացաւ:

-Հը՛... ո՞ւր էս գնում..., իր կնոջմէն առաջ, նստած տեղէն հայր Եուրան հարցուց իր սիրուն աղջկան:

-Քեզի ի՛նչ..., էէէհհհ..., պատասխանեց Լիանան, իր «իրաւունքը» կորսնցնողի մը նման խիստ եւ կրնակի կոպիտ ձայնով, կարծես դիմացինը օտարական մը ըլլար, փորձեց շարունակել իր ճամբան:

Բոլորիս ձայները սառեցան ու ինքնաբերաբար կապուեցանք բառին եւ անոր արտայտութեան ձեւին ու ոճին: Յստակ էր, թէ հիմա մեր վայրկեանները ալ բնական ընթացք չունէին: Գեղեցիկ չէին:

Յանկարծ Եուրան, տեղէն վեր ցատկելով, հասաւ իր աղջկան ետեւէն եւ առ ի պատասխան, զօրաւոր ապտակ մը իջեցուց անոր երեսին: Շանթահար իրականութիւն: Աղջիկը, իր կարգին թէեւ շատ յուզուած, սակայն բարձր ձայնով, շուտով մայրը օգնութեան կանչեց, եւ միեւնոյն ատեն բոլորիս ուշադրութիւնը գրաւելով, շարունակեց իր «յանկերգը», կրկնելով.- «հա՛... քեզի ի՛նչ, այ ամ սիքսթին եըրզ օլտ...» եւ իր աչքերուն մէջ խոր տառապանք երեւցող ու վրդովանքէն եւ ընդվազումէն ծնունդ առած անգլերէնով, բաւական «ծանր» բառեր արտասանեց, ինքզինք արդարացնել փորձելով:

Անակնկալ այս տեսարանին ի տես, զարմանք մը թակեց մեր բոլորին մտքերուն դռները ու մնացինք շշմած, շուարած ու ապշահար եւ քիչ մըն ալ վախցած:

Ու անկէ ետք ծանր, երկար ու տխուր պատմութիւն:

Արդ, ինչպէ՞ս կրնայինք ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը: Ի՞նչ կրնայինք կամ պիտի կրնայինք ընել: Արդեօք մեզի կ՚իյնա՞ր խառնուիլ...: Անոր համար մեր մօտ ալ «բան» մը կար, անանուն, տեսակ մը տմարդի խայթոցի նման, որ ո՛չ սահման կը ճանչնար եւ ո՛չ ալ՝ ժամանակ: Աղջիկը, շանթահար իրականութեամբ, ծայրագոյն յանդգնութեամբ, տեսակ մը ներքին տեսանելի «յեղափոխութիւն» ցուցաբերողի մը արտայայտութեամբ, համարձակ եւ անհոգ բոլոր բառերը արտասանած էր: Մինչ անդին ոտքի կեցած, Եուրան կը հեւար: Պաղ քրտինք մը բռնած էր ճակատը, իսկ աչքերուն մէջ, կարելի էր կարդալ ներքին պայքարի մը աճող ալիքը:

Պահեր կան, որոնք մտքէդ չեն կորսուիր: Այս մէկը անոնցմէ էր: Տանտիրոջ բառերն ու աղաղակը բաներ մը ըսել կ՚ուզէին, բայց այդ պահուն անհասկնալի էին մեզի համար: Մարդուն դէմքին վրայ կարծես ստուերներ նստած էին: Հաստատապէս մեր այս հաւաքի մթնոլորտը իր կշռոյթը կորսնցուցած էր: Նաեւ այս խոր ցնցումը, տակն ու վրայ ըրած էր մեր հոգեկան ատաղձն ալ: Տանտիրոջ նման, մենք ալ անհանգիստ էինք: Տագնապ մը կար, տեսանելի եւ նոյնքան ալ շօշափելի: Անժամանակ քաոս: Վայրկեանի մը համար ես ալ կարծեցի, որ կորսուած եմ: Բառեր կը փնտռէի ինքզինքս հանդարտեցնելու համար: Շրթներս պինդ բռնած էի, սխալ եւ անտեղի «բաներ» կամ բառեր դուրս չտալու համար: Բայց գիտէի, որ խօսելու կամ շարժելու տեղս չէր:

Ողբալի խառնակութիւն: Ու հաւաքը ինքնաբերաբար ընդհատուեցաւ: Յստակ էր, թէ պահը կ՚ենթադրէր ճիգ, պրկում եւ համբերութիւն:

Մինչեւ այսօր, երբ ամէն անգամ այս դէպքը կը յիշեմ, յառաջ մը կը պրկէ կուրծքս: Ինծի համար այս տգեղ եւ անժամանակ ու անակնկալ տեսարանին շարունակութիւնը չէ որ հետաքրքրած է, այլ՝ արտասանուած բառին ու անոր տուն տուող պատճառն ու բացագանչութեան քաջութիւնը: Յստակ էր, թէ այդ պահուն ամօթխածութիւնը խոյս տուած է իր պատուանդանէն: Աղջկան մօտ սեփական արժանապատուութեան զգացումը կորսուած էր: Իսկ աւանդութիւն, սրբութիւն եւ յարգանք շատոնց մոխրացած էին: Այս բոլորը յայտարար նշանն էին, թէ իրապէս հո՛ս այս տան մէջ, փոխուած էին ժամանակներն ու դերերը: Փոխադարձ յարգանքի եւ շրջահայեացութեան բացակայութիւնը զգալի էր: Չես գիտեր այս տեսարանին ի՞նչ անուն տալ: Բոլորիս ականջներուն մէջ, տակաւին երկար կ՚արձագանգէր այդ «քեզի ի՛նչ»ը:

***

Արդ, կամաց-կամաց սկսած են կորսուիլ մեր սրբութիւններն ու բարոյական հասկացողութիւնները, միշտ կ՚ըսեմ մտովի, ու կ՚ուզեմ աւելցնել, թէ տարիք մը կայ, ուր մարդիկ պէտք է գիտնան իրենց գործածած կամ արտասանած բառերուն իմաստը: Կարծես նոր սերունդը, իրապէս սկսած է նման «բաներ» մոռնալ կամ կորսնցնել: Ճիշդ էր, որ եթէ մարդոց տուներէն ներս մեր ականջները լարենք, ու ներսէն հասնող ձայները մտիկ ընենք, պիտի լսենք, որ ամէն ծնողք գանգատ մը եւ նոյնիսկ գանգատներ ունի իր զաւակէն կամ զաւակներէն: «Խօսք» հասկցող, մտիկ ընող, կամ հնազանդող զաւակներու թիւը պակսած է: «Հիմի, չինը հինը չի» ասացուածքը ճիշդ էր: Բացառութիւններու մասին չէ ակնարկութիւնս: Այսպէս, մէկուն աղջիկը հակառակ իր ծնողքի յորդորներուն տակաւին կը շարունակէ շատ կարճ հագնիլ, որովհետեւ կ՚ուզէ տեղացի իր ընկերուհիներուն նմանիլ: Նոյնպէս, ուրիշի մը տղան, ամէն վայրկեան հեռայձայնով կը զբաղուի... դաս սորվիլ չունի...: Հապա՞ այն մէկունը, որ հազիւ նախակրթարանը աւարտած, դէմքը տեսակաւոր շպարներով սկսած է զարդարել: Իսկ միւսինը, այն որ իր մազերը տեսակաւոր գոյներով միշտ կը ներկէ եւ իր այս տարիքին կ՚ուզէ «այսինչ» կամ «այնինչ» դերասանուհիին «պէս» ըլլալ: Չեմ հասկնար: Եւ տակաւին այս բոլորին վրայ, իրենց կոպիտ եւ անվայել խօսակցութիւնները...: Եկուր եւ իբրեւ ծնողք, դիմացիր: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, իրապէս որ նման մարդոց ներկայ ընտանեկան կեանքի մթնոլորտի շրջագիծը, կորսուած է՝ դժբախտաբար:

Շատ շատերու համար, աւագ սերունդին կը պատկանիմ: Կ՚ընդունիմ այդ մէկը: Այո՛, մաս կը կազմեմ, բայց գոնէ այս տարիքիս, երեսի վրայ ձգուած անցքի չեմ նմանիր: Փառք Աստուծոյ: Հարազատներուս եւ շրջապատիս յարգանքն ու սէրը, զիս միշտ յուզած են: Բայց, նոր սերունդին, իրենց մեծերուն հանդէպ եւ նկատմամբ յարգանքի, շրջահայեացութեան եւ արտայայտած խօսքերու կշիռքի պակասը, զիս յուսահատ դարձուցած են: Ես ալ հաստատ գիտեմ, որ ժամանակները ամէն տեղ փոխուած են: Բայց ամէն բան չափ ու սահման ունենալու էր: Տարիք, փորձառութիւն, բարոյական հասկացողութիւն, յարգանք եւ սէր կորսուած են, գրեթէ ցնդած: Նաեւ տեսանելի է սեփական արժանապատուութեան զգացումը: Կ՚երեւի այս մէկն ալ կորսուած է: Իսկ աւանդութի՞ւն... վրաս գրէ...: Ուրեմն կը զգաս, թէ ի՞նչ է մեր ապրած կեանքը: Անդին, գրեթէ մոռցուած են մեր շատ մը յարգելի եւ սրբազան սրբութիւններն ու բարոյական հասկացողութիւնները: Ահա անբնական կացութիւն եւ տխուր պատկերներ:

Ներկայ սերունդը ապրուած ունայնութիւններով կ՚արբենայ: Իսկ մենք ալ, կարծես հանգիստ ապրելու համար, պէտք է որ մոռնանք մեր հինն ու անցեալը, աւանդն ու սովորութիւնները։ Ահա՛ քեզի Ամերիկա մը, որ ամէն տեսակի մեր գիտցած բարոյականութիւններէ զուրկ է եւ որ ազատութեան եւ բազմազան նախաձեռնութիւններու երկիր մը ըլլալով հանդերձ, կեանքը ընբռնելու նոր կերպ մը ունի։ Վտանգաւոր եւ խաբուսիկ։ Մէկ խօսքով՝ ամերիկանիզմ, որ տեսակ մը ձեւ եւ մթնոլորտ մը ունի, որոնց մինչեւ հիմա տակաւին չեմ կրցած ընդունիլ։ Այս մէկը անուրանալի է։ Ինծի նման շատեր, յամառօրէն կը փորձեն շարունակել իրենց ազգային կեանքի նաւարկումը: Բայց, չեմ գիտեր մինչեւ ե՞րբ...։ Ահա թէ ինչո՞ւ մեր մազերը մեր միտքերուն եւ գաղափարներուն նման, ժամանակէն առաջ հինցած ու ճերմկցած են, իսկ մեր մտահոգ կեանքերն ալ, իրենց կշռոյթը գրեթէ ջղային տրոփումներ հագած։ Մռայլ եւ ամեհի դար մըն է, որ կ՚ապրինք։ Հետաքրքիր եւ նոյնքան ալ սարսափազդու։ Զանազան արժէքներ սկսած են կորսուիլ: Ամէն առիթով մեր մամուլի սիւնակներէն ահազանգ կը հնչեցնենք: Զաւակները կորսնցուցած մօր մը նման յաճախ կը պոռանք, որ եթէ զգացումը չկայ, ու եթէ յարգանք եւ ակնածանք չկան, ուրեմն, ոչինչ կայ: Ուստի կը պայքարինք: Պէտք է, որ պայքարինք մեր կամքով, հոսանքն ի վեր։ Իսկ որքանով կ՚ապահովենք մեր յաղթանակը՝ ան ալ մեր յարատեւութենէն կախեալ է։

Այս ցուրտ ու ցամաք եւ բոլորովին օտար եւ անօրինակ նոր աշխարհէն ներս, եւ ի տես նման տեսարաններու, յաճախ մեր մանկութեան եւ երիտասարդութեան երազներու աշխարհը կը յիշենք, կը փնտռենք, պարզապէս անոնցմով ջերմանալու եւ ջերմացնելու մեր հոգիները, մեր վայրկեանները, որպէսզի մեր մտքերը, որոշ չափով իրենց խաղաղութիւնը գտնեն, ու մեր կեանքի հայու եւ հայկականութեան բոցը հաստատապէս վարակած ըլլալով մեր բոլոր երազները, հո՛ս, այս երկրին մէջ, յաճախ ալ կ՚անիծենք այն օրը, երբ հոս ոտք կոխած էինք։

Իբրեւ ծնողք, բոլորս ալ կը դիմաւորենք մեր ինքնութեան, հաւատքին, լեզուին եւ ազգային դիմագիծին սպառնացող վիճակները, որոնք կը հիւծեն մեզ: Պէտք է յիշենք, որ հայը, հայ պահելու համար անհրաժեշտ են հաւատք, մշակոյթ եւ լեզու: Ասկէ առաջ եւ միշտ, ամէն բան ըսուած է: Շատերու համար կրկնութիւններ կը թուին ըլլալ այս խօսքերը: Բայց հոգս չէ: Սակայն, այս բոլորը յիշեցնել է պէտք: Ահազանգել: Գիտենք, որ նոր սերունդ կամ երիտասարդութիւն ունենալ կը նշանակէ ազգովին հարուստ ըլլալ, եւ զայն չկարենալ պահելը, անձնասպանութիւն է։ Ուստի երիտասարդը պէտք է հասուննայ մեր ընկերային կեանքին մէջ, եւ առանց մեղադրելու կամ դատապարտելու պէտք է զինք քաջալերել։ Օրինակ դառնանք։ Ցուցմունք տանք։ Անոր քայլերը առաջնորդենք: Մօտէն հետեւինք անոր շարժումներուն: Իրմով զբաղուինք եւ հետաքրքրուինք: Թոյլ չտանք, որ ան ինքն իր մէջ կծկուած մնայ եւ հեռանայ մեր ամէնօրեայ շփում-հաղորդակցութենէն։ Դիւրացնենք իր աշխատանքը եւ միշտ փորձենք զինք չհեռացնել մեզմէ: Ապրեցնենք՝ ազգին եւ ժողովուրդին հետ։

Ահա, թէ ինչպէ՞ս կը սկսի ախտաճանաչումը, եւ որ մեզ պիտի տանի մինչեւ մեր ինքնագիտակցութեան դռները: Ժամանակները բոլորիս համար ալ քմահաճ են: Անողոք եւ անզիջող: Բայց անպայման պէտք է գիտնանք, թէ ինչպէ՞ս պահել նոր սերունդին մօտ հայու կեանքի ջերմութեան աստիճանը: Ահա կենսականը:

Մտքիս մէջ մեր վաղն է, աւելի լուսաւոր եւ կենսախինդ։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022