ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ԿԼԻՄԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար տրուած ի զուր խոստումները կը կազմեն ամօթալի թղթածրար մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շարունակեց ահազանգ հնչեցնել կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, այժմու քաղաքականութիւններով անկարելի է ապահովել, որ երկրագունդի ջերմացման բարձրացումը սահմանափակուի մէկուկէս աստիճանով։

ՄԱԿ-ի Միջկառավարական կլիմայի փոփոխութեան ասուլիսի (IPCC) վերջին տեղեկագրի հրապարակման լոյսին տակ Անթոնիօ Կութերես հանդէս եկաւ այս յայտարարութիւններով եւ զգուշացուց, որ մարդկութիւնը թափով կը յառաջանայ՝ դէպի կլիմայական աղէտի մը։ Ան յիշեցուց, որ կլիմայի տագնապը փաստուած է գիտութեան կողմէ եւ ան, ըստ էութեան, ծնունդ կ՚առնէ առկայ ուժանիւթի քաղաքականութիւններէն։ «Կարգ մը կառավարութիւններու կամ գործարար աշխարհի ղեկավարներու խօսքերը տարբեր են, իսկ գործերը տարբեր։ Կարճ խօսքով՝ կը ստեն եւ հետեւանքները աղէտի համազօր պիտի ըլլան», ըսաւ Կութերես։

Ընդհանուր քարտուղարը, միեւնոյն ժամանակ, կոչ ուղղեց, որպէսզի վերականգնուող ուժանիւթի անցումին համար նախատեսուած ջանքերը եռապատկուին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022