ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր եւ անվտանգութեան հարցերու գծով խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւս հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի հետ, որ այցելեց Անգարա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Քալըն-Նուլանտ հանդիպումը, որու կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները ամփոփ գիծերու մէջ հաղորդում մը կատարեցին։ Այսպէս, բացի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն, Իպրահիմ Քալըն եւ Վիքթորիա Նուլանտ շօշափած են Սուրիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Իսրայէլի վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձած են նաեւ ուժանիւթի անվտանգութեան, պաշտպանական ոլորտէ ներս համագործակցութեան, երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022