ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՎԱՂՈՒԱՅ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏԵՑՄԱՆ

Պրիւքսելի մէջ վաղը նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն երկրորդ անգամ պիտի մէկտեղուին Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ։ Այս ձեւաչափով եռակողմանի նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր անցեալ տարեվերջին։ Այժմ, շուրջ երեքուկէս ամիս անց նոյն ձեւաչափով գագաթաժողովը կը կրկնուի Պրիւքսելի մէջ։

Փաշինեան-Ալիեւ վաղուայ հանդիպման ընդառաջ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Յառաջիկայ օրերուն պիտի տեսնենք, թէ Հայաստան ի՛նչ յստակ քայլերու պատրաստ է ձեռնարկել Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսաւ ան։ «ԱՓԱ» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ Ատրպէյճան միշտ բաց բանակցութիւններու քաղաքականութիւն մը վարած է։ Ան համոզուած է, թէ վաղուան հանդիպումն ալ եւս մէկ հնարաւորութիւն է այս առումով։

«Մենք բարձր կը գնահատենք կողմերու յարաբերութիւնները։ Ատրպէյճան բացէ ի բաց յայտնած է իր դիրքորոշումը։ Ես չէի փափաքիր նախօրօք շատ կանխակալ յայտարարութիւններ ընել։ Կը կարծեմ՝ յառաջիկայ օրերուն մենք կը տեսնենք, թէ Հայաստան ինչքանո՛վ լուրջ կը վերաբերի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին նկատմամբ եւ ի՛նչ յստակ քայլերու պատրաստ է ձեռնարկել։ Ատրպէյճանի մօտեցումը կ՚ըլլայ համարժէք», նշած է Ճէյհուն Պայրամով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022