ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ սկսած է գործարկուիլ ռազմավարական դրութիւնը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ այս ձեւաչափին ստեղծուիլը որոշուած էր ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ Հռոմի մէջ անցեալ հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ։ 2021 թուականի հոկտեմբերին առնուած այդ որոշումէն վերջ, պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 4 ապրիլ 2022 թուականին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է ռազմավարական դրութեան առաջին հանդիպումը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս ծիրէն ներս, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Սետաթ Էօնալ եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերու գծով տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ գլխաւորած են պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են տնտեսութեան եւ պաշտպանութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։ Պատուիրակութիւնները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով հարցերու եւ շօշափած են բազմաթիւ նիւթեր, որոնք կը վերաբերին երկու երկիրներու համատեղ շահերուն։ Ռազմավարական դրութեան շրջանակներէն ներս շեշտուած է, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ վերահաստատած են իրենց համատեղ խոստումները՝ Ուքրայնայի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Ամերիկեան կողմը գոհունակութեամբ կ՚ընկալէ թրքական կողմի ջանքերը, որոնց նպատակն է պատերազմին արդար ու դիւանագիտական լուծում մը գտնուելու դիւրացումը։

Ռազմավարական դրութեան նորահաստատ ձեւաչափին մէջ այսօր Անգարայի մէջ կը սկսին նաեւ երկկողմանի բանակցութիւններ, որոնք կը վերաբերին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու տնտեսական եւ առեւտրական չափումներուն։ Այս առթիւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի նախարարութեան խորհրդատու Լարիսա Լակօ կ՚այցելէ Անգարա։ Միեւնոյն ժամանակ, դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդած են, որ այս նորահաստատ ձեւաչափին մէջ նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումն ալ ծրագրուած է ներկայ տարուան տեւողութեան։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կը շարունակէ անմիջական կապ պահել միջազգային յառաջատար դերակատարներու հետ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Այս ծիրէն ներս Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Էրտողան եւ Շոլց կանգ առին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն վրայ։

Նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի եւ Ֆինլանտիոյ նախագահ Սաուլի Նիինիսթէօի հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022