ՔԱՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մոսկուայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի բարձրաստիճան դիւանագէտներուն մասնակցութեամբ թեքնիք բնոյթով խորհրդակցական հանդիպում մը։ Բանակցութիւններու սկիզբին բացման խօսքով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պուրակ Աքչափար։ Միւս մասնակիցներն էին Ռուսաստանի նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Պոկտանով, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական խորհրդատու Ալի Ասքար Հաճը եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Էյմէն Սուսան։

Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս-Թեհրան առանցքին վրայ վերջին շրջանին շփումները խտացած եւ համագործակցութեան հեռանկարները նոր հարթութիւն մը թեւակոխած են։ Յառաջիկային հանդիպում մը կը նախատեսուի այս չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Ուստի, Մոսկուայի այս վերջին բանակցութիւններու նպատակն էր այդ հանդիպման համար գետին նախապատրաստել։ Բարձրաստիճան դիւանագէտները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան, թէ նախարարները ի՛նչ օրակարգով կրնան մէկտեղուիլ եւ համագործակցութեան ո՛ր ոլորտները կրնան արժեւորել։

Հանդիպումէն վերջ ռուսական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ կողմերը որոշած են շարունակել բանակցութիւնները։ Բարձրաստիճան դիւանագէտները քննարկած են Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ հարցեր։ Ժողովականները անկեղծ ու բաց ձեւով ընդգծած են իրենց մօտեցումները եւ համամիտ գտնուած են, որպէսզի շփումները շարունակուին։

Մոսկուայի մէջ փոխ-նախարար Աքչափար հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներէն երկուքին՝ Ալեքսանտր Կրուշքոյի եւ Սերկէյ Վերշինինի հետ։ Աքչափար եւ Վերշինին անդրադարձած են Սեւ ծովէն հացահատիկի տեղափոխման ծրագրին։ Իսկ Կրուշքոյի հետ հանդիպման ընթացքին Աքչափար շօշափած է ուժանիւթի ոլորտի համատեղ ռազմավարական ծրագրերուն ընթացքը։ Անոնք արծարծած են նաեւ Անգարա-Մոսկուա օրակարգի արդիական հարցերը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2023