ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԸ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պեսս յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ խնդի­րը կեդ­րո­նա­ցած է միակ օ­րուան մը վրայ, սա­կայն կա­րե­ւո­րը ա­նոր լու­ծուիլն է։  Ե­րէկ, Դի­ւա­նա­գի­տա­կան թղթա­կից­նե­րու միու­թեան ան­դամ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը կար­ծիք­ներ ար­տա­յայ­տած է Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գի զա­նա­զան նիւ­թե­րուն շուրջ։ «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան խօ­սած է նաեւ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ «Կա­րե­ւոր է, որ բո­լորս տա­րուան միւս օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ալ պէտք է մտա­ծենք, թէ ի՛ն­չեր կա­րե­լի է ը­նել։ 1915-ին ապ­րուած­նե­րուն մա­սին բա­ցա­յայ­տօ­րէն խօ­սի­լը կա­րե­ւոր նպաստ մը պի­տի ա­պա­հո­վէ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար», ը­սած է Ճոն Պեսս։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015