ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՈՒ ՄՐՑԱԿՑԱՅԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Միջազգային հանրութիւնը թէեւ կանխաւ յայտնած է, թէ պիտի չճանչնայ ընտրութիւններուն արդիւնքը, բայց եւ այնպէս գործնականօրէն Արցախի ժողովուրդը արդէն վեցերորդ անգամ ընտրած է իր երկրին խորհրդարանը։ Մինչ այդ, ընտրութիւններուն հետեւած միջազգային դիտորդներն ալ դրական գնահատականներ կու տան Արցախի ընտրութիւններուն համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի ընտրութիւններուն հետեւած Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն բաղկացեալ միջազգային դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Ֆրանք Էնկէլ երէկ խօսեցաւ ընտրութիւններու դրական արդիւնքին շուրջ։ «Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք պատճառած է դիրքորոշումը այն երկիրներուն, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւնները չեն ճանչնար», ըսաւ Ֆրանք Էնկէլ եւ աւելցուց, թէ արցախցիները ճիշդ վարուած են՝ իրենց ձայնը բարձրացնելով յստակ, ժողովրդավարական, թափանցիկ, ազատ եւ արդար ձեւով։
Նոյն ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենցօ Օչուան ալ երէկ «Արմէնփրէս»ի մամուլի սրահին մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ ըսաւ, թէ ընտրութիւնները չճանչնալու խնդիրը առաջին հերթին այդ դիրոքորոշումը որդեգրած երկրիներու հարցն է։ «Առաւել կարեւոր է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կարգապահօրէն կ՚օգտուի իր ժողովրդավարական իրաւունքներէն՝ ընտրելով այն մարդիկը, որոնք կը փափաքին, որ զիրենք ներկայացնեն յաջորդ հինգ տարիներուն ընթացքին», ըսաւ ան։
Էտուարտօ Լորենցօ Օչուա միեւնոյն ժամանակ ողջունեց Արցախի ընտրութիւններուն կապակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը։ Ըստ իրեն, այդ յայտարարութիւնը թէեւ երկչոտ է, սակայն կը համարուի նշանակալի քայլ մը։
Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 70.6 տոկոսի։ Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած տուեալներով, նուազագոյն հինգ տոկոսի շեմը յաղթահարած է քուէարկութեան մասնակցած եօթ կուսակցութիւններէն հինգը։
Օչուայի վերոյիշեալ արտայայտութիւններուն զուգահեռ, նոյն ասուլիսին ընթացքին, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ֆրանք Էնկէլ աւելցուց, թէ ինք բացարձակ դիմադրութիւն ունի Ատրպէյճանի խաւեարին դէմ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան գործի դնելով իր ելմտական միջոցները, կը ձգտի խոչընդոտել Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն աշխատանքը, սակայն այս ուղղութեամբ ձախողած է։ «Ես բացարձակ դիմադրութիւն ունիմ Ատրպէյճանի խաւեարին դէմ։ Անոնք գուցէ ունին ելմտական բազում միջոցներ իրենց նպատակներուն հասնելու համար, սակայն մեր միջոցներն են արդարութիւնն ու մեր գաղափարները։ Ֆրանք Էնկէլ յիշեցուց, թէ անցեալ տարի եւրոպական խորհրդարանէ ներս Արցախի բարեկամութեան խումբի ստեղծման ժամանակ եւս իրենք դարձած էին Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներուն թիրախը։ Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ Արցախի ժողովրդավարական չափանիշները աւելի գերակայ են բաղդատմամբ «ժողովրդավարական» Ատրպէյճանի։ Իր տպաւորութեամբ, ընտրութիւնները անցած են կատարեալ ու համակարգուած, թափանցիկ, ինչպէս նաեւ համապատասխան միջազգային ու եւրոպական չափանիշներուն։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը ապացուցանեց իր ճակատագիրը տնօրինելու վճռականութիւնը։ Ըստ նախարարին, Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները անցան ազատ եւ մրցակցային պայմաններու ներքեւ։
«Ողջունելի է ընտրութիւններուն մի քանի տասնեակ միջազգային դիտորդներու ներկայութիւնը եւ անոնց գնահատմամբ՝ ընտրութիւնները անցած են կազմակերպուած, թափանցիկ ու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան», աւելցուց Եդուարդ Նալպանտեան։
Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Փարիզի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ա-տըրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Այդ հանդիպումներէն վերջ միջնորդները հանդէս եկած էին համատեղ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ արձանագրած էին, թէ կը ճանչնան Արցախի ժողովուրդի՝ իր իսկ ապագան որոշելու իրաւունքը։
ՊՐԻՒՔՍԷԼԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Այս բոլորէն վերջ Եւրոմիութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուրջ։ ԵՄ-ի կողմէ տարածուած հաղորդակցութեան մէջ նշուած է, թէ ընտրութիւնը չի կրնար կանխորոշել Լեռնային Ղարաբաղի հետագայ կարգավիճակին հարցը։ ԵՄ հաստատակամօրէն կ՚աջակցի կարգավիճակի հարցին շուրջ յառաջընթաց արձանագրելու եւ համընդհանուր խաղաղ բանակցութիւններու հասնելու հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եւ անոր համանախագահներու ջանքերուն։ ԵՄ պատրաստ է նաեւ հետագային ալ աջակցիլ հակամարտութեան շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն։