ԱՇԽԱՐՀԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԼԷՊԻ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ

ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէկ ար­տա­հերթ ժո­ղով կը գու­մա­րեց Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շուրջ՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս կեդ­րո­նա­նա­լով Հա­լէ­պի առ­կայ ի­րադ­րու­թեան վրայ։ Ան­հա­ւա­տա­լի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու հա­սած բռնու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ զե­կու­ցեց ՄԱԿ-ի քա­ղա­քա­կան գոր­ծե­րու գծով փոխ-ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ճեֆ­րի Ֆլեթ­ման։ Այս առ­թիւ ան շեշ­տեց, թէ վեր­ջին եր­կու շաբ­թուան Հա­լէ­պի օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րը ե­ղած են պա­տե­րազ­մա­կան այս տա­րի­նե­րու ա­մե­նա­սաս­տիկ­նե­րը։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ, որ շուրջ մէ­կու­կէս մի­լիոն հո­գի ռմբա­կո­ծում­նե­րու վա­խով կ­­՚ապ­րի ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րու մէջ։

Նիւ Եոր­քի այս ժո­ղո­վին ա­ռըն­թեր, ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Սթե­ֆան տը Միս­թու­րա Գեր­մա­նիոյ մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ շուրջ կէս մի­լիոն հո­գի կրնայ ուղ­ղուիլ դէ­պի Թուր­քիոյ սահ­մա­նը։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­ցած է՝ Հա­լէ­պի պա­րա­գա­յին եւս հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման հա­մար։ Զու­գա­հե­ռա­բար՝ Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սատն ալ յայտ­նեց, թէ ի­րեն են­թա­կայ զօր­քե­րը եր­կօ­րեայ հրա­դա­դա­րի պի­տի մտնեն։

Ան­գա­րա ծայր աս­տի­ճան մտա­հոգ է Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն, մինչ յա­ճախ ռում­բեր կ­­՚իյ­նան նաեւ Թուր­քիոյ տա­րած­քը։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայ­նեց նոյ­նիսկ ցա­մա­քա­յին զօր­քեր մտցնե­լու վար­կա­ծը։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016