ԲԱՐՁՐ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը՝ իր բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով։ Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճա­նի լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­նե­րը կա­սեց­նե­լէ վերջ, հայ­կա­կան կող­մը բա­զում հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կը փո­խան­ցէ իր պատ­գա­մը ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով։

Ե­րէկ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայ­տա­րա­րեց, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ կը ծրագ­րուի ԵԱՀԿ-ի ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ հան­դի­պում մը, ո­րով­հե­տեւ այս հար­ցը բարձր ու­շադ­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց նաեւ հար­ցի խա­ղաղ լուծ­ման մա­սին Ե­րե­ւա­նի յանձ­նա­ռու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Ռուս նա­խա­րա­րը հա­մո­զուած է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կը չի կրնար ո­րո­շուիլ միա­կող­մա­նի ձե­ւով։

Մինչ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ այս հար­ցին շուրջ ար­տա­յայ­տեց յստակ բա­նա­ձե­ւում­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ հայ­կա­կան կող­մը վեր­ջին ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած է շնոր­հիւ իր միաս­նա­կան կամ­քին ու հա­ւա­տին։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս դռնփակ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ե­րես­փո­խան­նե­րուն հետ՝ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ա­ռաջ­նագ­ծին վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը լա­րուած է, նկա­տե­լի են Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու տե­ղա­շար­ժերն ու կու­տա­կում­նե­րը, հե­տե­ւա­բար ա­մէն պահ կրնայ ա­մէն ինչ պա­տա­հիլ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Սարգ­սեա­նի կող­մէ բա­նա­կէն ներս կա­տա­րուած վեր­ջին պաշ­տօ­նազր­կում­ներն ալ մի­տուած էին՝ կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի բա­րե­լաւ­ման։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Փրա­կի մէջ, ու մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եւ Վի­շեկ­րա­տեան քա­ռեա­կի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հա­մա­տեղ ժո­ղո­վին։ Ան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­լայն­ման գծով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հա­նի հետ՝ շօ­շա­փե­լով ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը։ Ըստ ի­րեն, այժմ հրա­մա­յա­կան կը հա­մա­րուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան հետ ե­րաշ­խիք­նե­րու գտնուի­լը՝ որ­պէս­զի չկրկնուին Ապ­րի­լի սկիզ­բին պա­տա­հած­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016