EURIMAGES-Ի ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ

Հա­յաս­տան վեր­ջերս ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Eurimages-ին, ինչ որ կա­րե­ւոր հե­ռան­կար­ներ կը ստեղ­ծէ՝ երկ­րէն ներս շար­ժան­կա­րի բնա­գա­ւա­ռը զար­գաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։ 1989 թուա­կա­նին Եւ­րո­խոր­հուր­դի կող­մէ ստեղ­ծուած հիմ­նադ­րամ մըն է Eurimages-ը, ո­րու նպա­տակն է եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ ներս գան­ձատ­րել շար­ժան­կա­րի բնա­գա­ւա­ռը։ Այդ մէ­կը բաց հիմ­նադ­րամ մըն է, ուս­տի ա­նոր կրնան ան­դա­մակ­ցիլ նաեւ այն եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ չեն։ Շնոր­հիւ այդ ան­դա­մակ­ցու­թեան եր­կիր­նե­րը կրնան գան­ձատ­րում ստա­նալ շար­ժան­կա­րի ա­րուես­տի զար­գաց­ման, ժա­պա­ւէն­նե­րու ցու­ցադ­րուեան եւ վարձ­ման հա­մար։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Eurimages-ի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ, որ այ­սու­հե­տեւ երկ­րի շար­ժան­կա­րի գոր­ծիչ­նե­րը կրնան դի­մել այս հիմ­նադ­րա­մին եւ մի­ջոց­ներ ա­պա­հո­վել՝ ժա­պա­ւէն­ներ նկա­րա­հա­նե­լու կամ ցու­ցադ­րե­լու հա­մար։ Այս ամ­բող­ջին մէջ կայ շատ կա­րե­ւոր պայ­ման մը՝ նկա­րա­հա­նուե­լիք ժա­պա­ւէ­նը պէտք է ըլ­լայ հա­մա­տեղ ար­տադ­րու­թիւն մը։ Հա­յաս­տան շուրջ տասն տա­րիէ ի վեր ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէր Eurimages-ին միա­նա­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ, սա Եւ­րո­պա­յէ ներս շար­ժան­կա­րի բնա­գա­ւա­ռը խրա­խու­սե­լու հա­մար խո­շո­րա­գոյն հիմ­նադ­րամն է, ո­րու տա­րե­կան պիւտ­ճէն կը կազ­մէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 25 մի­լիոն եւ­րօ։ Ան­դա­մակ­ցու­թեան զու­գա­հեռ՝ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ար­թուր Պօ­ղո­սեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ եր­կի­րը ար­դէն Eurimages-ի մօտ ու­նի նշա­նա­կուած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այդ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են՝ «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի ծրագ­րե­րու ղե­կա­վար Սօ­նա Յա­րու­թիւ­նեան եւ սու­րիա­հայ յայտ­նի գծան­կա­րիչ ու «Ռէա­նի­մա­նիա» փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­դիր Վրէժ Քա­սու­նի, որ տասն­հինգ տա­րիէ ի վեր կը բնա­կի Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Սօ­նա Յա­րու­թիւ­նեան եւ Վրէժ Քա­սու­նի հա­մո­զուած են, թէ հա­մաեւ­րո­պա­կան այս կա­ռոյ­ցին ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը կ՚ըն­ձե­ռէ շատ մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ կ՚ու­րուագ­ծէ եւ­րո­պա­կան շար­ժան­կա­րի ար­տադ­րող­նե­րուն հետ բազ­մաբ­նոյթ կա­պեր մշա­կե­լու հո­րի­զո­նը։ Այս նոր ճա­նա­պար­հը օգ­տա­գոր­ծե­լով Հա­յաս­տան պի­տի դառ­նայ Եւ­րո­պա­յի շար­ժան­կա­րի ըն­տա­նի­քի լիար­ժէք ան­դա­մը։

Հա­յաս­տա­նի շար­ժան­կա­րի գոր­ծիչ­նե­րը ա­մէն տա­րի չորս ան­գամ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան մաս­նակ­ցիլ Eurimages-ի մրցոյթ­նե­րուն։ Մեր­ժուած ծրա­գի­րը ան­կա­րե­լի է երկ­րորդ ան­գամ ներ­կա­յաց­նել։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին շար­ժան­կա­րի կեդ­րո­նի տնօ­րէն Գէորգ Գէոր­գեան ընդգ­ծեց, թէ այս ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ պի­տի ստեղ­ծէ երկ­րի շար­ժան­կա­րի ար­տադ­րող­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Հա­յաս­տա­նի Eurimages-ի ան­դա­մակ­ցու­թեան շար­ժա­ռի­թով Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, թէ եր­կի­րը այս ան­դա­մակ­ցու­թեան հա­մար կը վճա­րէ 63 մի­լիոն դրամ։ Հա­յաս­տա­ն հան­դի­սա­ցած է Eurimages-ի 37-րդ ան­դա­մը։ Ար­թուր Պօ­ղո­սեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ըն­թաց­քի մէջ են Հա­յաս­տա­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան-ի­րա­ւա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, որ­պէս­զի հայ շար­ժան­կա­րի ար­տադ­րող­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­լիք դի­մում­նե­րը ըն­դու­նուին այս հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ։

Նոյն մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ներ­կայ էր նաեւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Նա­թա­լիա Լու­թո­վա, որ Հա­յաս­տա­նը շնոր­հա­ւո­րեց այս ան­դա­մակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ «Ու­րախ եմ, որ Հա­յաս­տան եւս մաս կը կազ­մէ այս հիմ­նադ­րա­մին։ Եւ­րո­խոր­հուր­դը կը կա­րե­ւո­րէ նաեւ մշա­կու­թա­յին կա­պը», ը­սաւ ան։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Փոխ-նա­խա­րար Ար­թուր Պօ­ղո­սեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ շար­ժան­կա­րի մա­սին օ­րէն­քը կը գտնուի քննարկ­ման փու­լի մէջ։ Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ան ընդգ­ծեց նաեւ, թէ ելմ­տա­կան մեծ ներդ­րում­ներ անհ­րա­ժեշտ են՝ «Հայ­ֆիլմ»ի վե­րա­գոր­ծարկ­ման հա­մար։ Ներ­կա­յիս «Հայ­ֆիլմ» ըն­կե­րու­թիւ­նը կը գտնուի Պե­տա­կան գոյ­քի կա­ռա­վար­ման վար­չու­թեան են­թա­կա­յու­թեան տակ։ Փոխ-նա­խա­րա­րը յու­սադ­րիչ տուեալ­ներ չներ­կա­յա­ցուց այս ա­ռու­մո­վ։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016