«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ
«Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրքեր։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Զմիւռնիոյ հայերը»։ Զաքարիա Միլտանօղլուի կողմէ քաղուած գործ մըն է այս մէկը, որ հրատարակութեան պատրաստուած է «Արաս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշի կողմէ։ Եգէականի ափերու անհետացած բնակիչներուն վերաբերեալ այս գիրքը լոյս կը սփռէ քաղաքի հայերուն եւ անոնց կենցաղին վրայ։ Գիրքին մէջ ընդգրկուած են Ռայմոն Գէորգեանի, Փոլ Փապուճեանի, Անահիտ Տէր-Մինասեանի, Էրվէ Ժորժըլէնի նման կարեւոր մտաւորականներու յօդուածները։ Ռապըրթ Հիւսընի ստորագրութեամբ խոշորացոյցի տակ առնուած է նաեւ Զմիւռնիոյ հետ նոյնացած անուն մը՝ Մատթէոս Մամուրեան։ Այս վերջինը ներկայացուած է որպէս զմիւռնիացի մը՝ եւ նպաստած է արեւմտահայոց վերածնունդին։ Գիրքի բովանդակութեան մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Իզմիրի եւ Եգէականի շրջանի քաղաքներուն, հայկական հաստատութիւններուն եւ ծանօթ դէմքերուն շուրջ։
Բաց աստի, «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է նաեւ «Աշիք ու Մաշուք» անուն գործը։ Հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեանի կողմէ քաղուած ու թարգմանուած հէքեաթներէ կը բաղկանայ այս գիրքը։ «Սիրահարը ու սիրուհին» կը բովանդակէ քրտա-հայկական սիրավէպեր՝ հայկական աղբիւրներու հիման վրայ։ Գիրքը նկարազարդուած է Զէյնէփ Էօզաթալայի կողմէ։