«ՍՕՍԷ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

«Սօ­սէ 2017» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը սկսած է շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու դի­մում­նե­րուն ըն­դու­նու­մը: Հիմ­նա­կան մրցու­թա­յին ծրագ­րով կրնան մաս­նակ­ցիլ բո­լոր ժա­պա­ւէն­նե­րը՝ ա­ռանց թե­մա­յի սահ­մա­նա­փակ­ման (խա­ղար­կա­յին, եր­կա­րա­ժամ, կար­ճա­ժամ, վա­ւե­րագ­րա­կան):

Փա­ռա­տօ­նը ու­նի եր­կու մրցու­թա­յին ծրա­գիր եւ՝ «Բո­վան­դա­կու­թիւ­նը՝ կին» եւ «Ու­սա­նո­ղա­կան»: «Բո­վան­դա­կու­թիւ­-նը՝ կին» մրցու­թա­յին ծրա­գի­րին կրնան մաս­նակ­ցիլ ժա­պա­ւէն­ներ, ո­րոնց մէջ կ՚ար­ծար­ծուի կնոջ թե­ման: Լա­ւա­գոյն մեկ­նա­բա­նու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սուած է «Սօ­սէ Մայ­րիկ»ի ա­նուան մրցա­նակ: Իսկ «Ու­սա­նո­ղա­կան» մրցու­թա­յին ծրա­գի­րին կը ներ­կա­յա­ցուին աշ­խար­հի տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ ու­սա­նող­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ա­ռանց ժան­րա­յին կամ թե­մա­յի սահ­մա­նա­փակ­ման: Փա­ռա­տօ­նը պի­տի հո­վա­նա­ւո­րէ «Լա­ւա­գոյն ու­սա­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք» ա­նուա­նա­կար­գով յաղ­թող եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­սա­նող բե­մադ­րի­չի մէկ տա­րուան ուս­ման վար­ձը, իսկ ար­տերկ­րի մէջ ու­սա­նող բե­մադ­րի­չին պի­տի տրուի պա­տուոյ գիր:

«Սօ­սէ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի ֆիլ­մե­րու նախ­նա­կան ընտ­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­խում­բը, ո­րուն մէջ կան նաեւ հայ մաս­նա­գէտ­ներ:

Դի­մում­նե­րուն ըն­դուն­ման վերջ­նա­ժամ­կէ­տը Մա­յիս 31-ն է: Ֆիլ­մե­րուն նախ­նա­կան ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րը պի­տի ամ­փո­փուին Յու­լի­սի 1-ին: Շար­ժան­կա­րի դի­տում­նե­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին Օ­գոս­տոս 14-Հոկ­տեմ­բեր 2 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ: Իսկ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը պի­տի կա­յա­նայ Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին:

«Սօ­սէ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին գլխա­ւոր նպա­տակն է նպաս­տել Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ շար­ժան­կա­րի ար­տադ­րու­թեան զար­գաց­ման, ինչ­պէս նաեւ ա­ջակ­ցիլ հա­մա­տեղ ֆիլ­մե­րու ար­տադ­րու­թեան, որ­պէս­զի ստեղ-ծըւին հայ-ի­տա­լա­կան, հայ-պուլ­կա­րա­կան, հայ-ի­րա­նա­կան եւ այլ ֆիլ­մե­ր։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017