Չորեքշաբթի 20, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Երեւանի մէջ յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը։ Սփիւռքի նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Համահայկական 6-րդ համաժողովը նախատեսուած է 19-20 Սեպտեմբերին։
Մինչ այդ, համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներն ալ արդէն ընթացքի մէջ են։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ սկսած են քննարկումները՝ համաժողովի ձեւաչափին, թեմաթիք ընդգրկման, մասնակիցներու կազմին եւ կազմակերպչական խնդիրներուն շուրջ։ Յակոբեան նշեց, որ չափազանց կարեւոր է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր կարող ուժերու, մասնագէտներու մասնակցութիւնը համահայկական նշանակութեամբ այս ձեռնարկին։
Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017